Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 20րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, «Արարատ Մոսկուա»ն, որ հիւրը եղաւ Գառնիկ Աւալեանի գլխաւորած կազմին՝ Ռիազանին, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
«Արարատ Մոսկուա»ի կօլերը նշանակեցին Դաւիթ Դաւիթեան (63րդ վարկեան) եւ Ալեքսէյ Քուրզենով (73րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, այժմ «Արարատ Մոսկուա», որ կը գրաւէ կեդրոնական գօտիի դասաւորման պարագլուխի դիրքը, ունեցաւ 54 կէտ եւ ախոյեանութեան աւարտէն 6 հանգրուան առաջ ապահովեց Ա. դասակարգի իր տոմսը: Խումբը, որ ցարդ անպարտելի միակ կազմն է, արձանագրած է 17 յաղթանակ եւ 3 հաւասարութիւն: