Գանատայի Քեպեք նահանգի «Ձայնը» (La Voix) երգի մրցումի աստղերէն Մանէ Պաղտասարեան Մայիս 6ին, աւարտական հանգրուանին գեղեցիկ ելոյթով մը գրաւեց երկրորդ դիրքը: Առաջին հանդիսացաւ Եամա Լորան, որ տիրացաւ քուէներու 60 տոկոսին, Մանէն՝ 20 տոկոսին, Ճանըթըն Ֆրիմըն՝ 7 տոկոսինին եւ Եան Պրասար՝ 13 տոկոսին: Մրցումի ամէնէն կրտսեր մասնակիցը Մանէն էր, որ 5 Մայիսին դարձաւ 19 տարեկան:
Նշենո, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով՝ 18 Ապրիլ 2015ին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ 1500 երիտասարդներով կայացած մշակութացոյցին (flash mob) ընթացքին Մանէ Պաղտասարեան երգեց պատմական Անի քաղաքին նուիրուած «Դարձիր, իմ Անի» երգը:
Մոնթրէալ ծնած Մանէ Պաղտասարեան յաճախած է տեղւոյն Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի նախակրթարանը, ապա ուսումը շարունակած է Հայաստանի մէջ եւ աւարտած է Երեւանի Յակոբ Կոջոյեանի անուան նկարչական վարժարանը:
TVA հեռատեսիլի կայանին կողմէ սփռուող «Ձայնը» երգի մրցումներուն կը հետեւին երկու միլիոն ակնդիրներ: Յաղթականը ընտրելու գործընթացին մասնակից կը դառնայ Քեպեք նահանգի արուեստասէր հանրութիւնը՝ բջիջային հեռաձայններով քուէարկելով: Մրցումի ախոյեանը կը շահի նաեւ 50 հազար տոլար եւ գանատական երգարուեստի շրջանակներու մէջ կը դառնայ փնտռուած անուն:
Մանէ Պաղդասարեանի «Լիթըլ Մի» (Little Me) երգի մեկնաբանումը «Եութիւպ» (youtube) համացանցի կայքին վրայ ունի 525 հազար հետեւորդներու «Լայք»ը (Like):