Մ. Լ.
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակին առիթով, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէութիւնը կազմակերպած է ձեռնարկներու շարք մը, որոնցմէ երկրորդը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Մայիս 2ի երեկոյեան, Փարիզի Հայ մշակոյթի տան «Տէմիրեան» սրահին մէջ: Շուրջ հինգ տասնեակ ազգայիններու ներկայութեամբ երեկոյթին բացումը կատարեց Ժիրայր Մոմճեան եւ զայն ձօնեց հայկական բանակին, որ մեր ազգային արժէքներու մէկ կարեւոր բաղադրիչն է՝ հայ գիրի, լեզուի, մշակոյթի եւ հաւատամքի կողքին: Ապա ժապաւէնին մասին հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ ժապաւէնին հեղինակը՝ հայրենի բեմադրիչ Արսէն Յակոբեան՝ ըսելով, թէ իր նպատակը եղած է պատմական փաստերով եւ վկայութիւններով հակազդել Ատրպէյճանի հակահայ քարոզչութեան եւ ատոր համար արխիւային մանրակրկիտ հետազօտութիւններու զուգահեռ, նաեւ հաւաքած է շօշափելի ու անհերքելի տուեալներ, որոնք կ՛ապացուցեն, թէ թուրք-ատրպէյճանական աղբիւրներու տարածած լուրերը ստայօդ են ու անհեթեթ:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ 30 վայրկեաննոց «Արցախ-Նախիջեւան՝ Յանցաւոր Լռութիւնը» (Artsakh-Nakhidjevan: Le silence criminel) վերտառութեամբ փաստագրական ֆիլմը, որ արտադրուած է 2017ին: Տողանցեցին 2016ի չորսօրեայ պատերազմի սահմռկեցուցիչ տեսարանները, երբ Ատրպէյճան հրասայլերով, ծանր հրետանիով եւ ուղղաթիռներով կը ռմբահարէր Արցախի գիւղերն ու բնակավայրերը: Ականատեսը եղանք նոյն բարբարոսական արարքներուն, որոնք գործադրուեցան 1990ական թուականներուն՝ Արցախեան պատերազմի չորս տարիներուն ընթացքին: Յուզիչ էր Ներքին Ճարտար գիւղի դպրոցի ճամբուն վրայ զոհուած 12ամեայ Վաղարշակ Գրիգորեանի մասին՝ իր դասընկերոջ անմեղ վկայութիւնը…։
Արսէն Յակոբեանի ժապաւէնը մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդեց նաեւ Նախիջեւանի մասին, որ մաս կազմած է պատմական Հայաստանի, ինչպէս կը վկայեն հայ եւ օտար պատմագէտները: Անոր անունն ալ հայկական արմատ ունի եւ կը նշանակէ առաջին իջեւան: 17րդ դարու սկիզբի գրութիւն մը կը փաստէ, թէ Նախիջեւանը եւ Ջուղան միմիայն հայ քրիստոնեայ բնակչութիւն ունեցած են: 1921ին Մոսկուայի մէջ ստորագրուած ռուս-թրքական դաշնագիրով է որ Նախիջեւանը անցած է Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ՝ իբրեւ ինքնավար մարզ, ուրկէ հայերը վերջնականապէս գաղթած են 1988-91 թուականներուն, իսկ աւելի ուշ այնտեղ գտնուող հայկական բոլոր խաչքարերն ու յուշարձանները ոչնչացուած են: Իրանի սահմանէն նկարահանուած տեսարանները ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս Ատրպէյճանցիները ջարդ ու փշուր կ՛ընեն միջնադարու հայկական կոթողները, բայց միջազգային հանրութիւնը դարձեալ լուռ կը մնայ: Ատրպէյճան իր հայատեաց քաղաքականութեան մէջ այնքան յառաջ կ՛երթայ, որ միջնադարեան հայկական մայրաքաղաքներ Անին, Դուինը, Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսը եւ նոյնիսկ Երեւանը կը ներկայացնէ իբրեւ ատրպէյճանական քաղաքներ…։ Անդրադառնալով Երեւանին, պարզապէս յիշեցնենք, որ աիկան հիմնադրուած է Ք. ա 782 թուականին… մինչդեռ Ատրպէյճանը իբրեւ պետութիւն առաջին անգամ ի յայտ եկած է 1918ին, Իրանի Ատրպատականի նահանգի անուանումով՝ այնտեղի բնակչութիւնը իրենց հետ միաւորելու փան-թիւրքիզմի յետին նպատակով:
Ինչ կը վերաբերի Արցախին, անիկա առաջին անգամ նշուած է Ք.Ա. 8րդ դարուն. 5րդ դարու մեր պատմագիրներէն Մովսէս Խորենացին ու Փաւստոս Բիւզանդը այս կապակցութեամբ յստակ վկայութիւններ ունին:
Ժապաւէնի աւարտին ցուցադրուեցաւ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի դահիճ՝ Ռամիլ Սաֆարովի մեծարման հանդիսութիւնը, որ Ատրպէյճանի մէջ «ազգային հերոս»ի տիտղոսին արժանացած է…։
Լաւ պիտի ըլլար իբրեւ քարոզչական միջոց՝ ընկերային ցանցերու ճամբով այս ժապաւէնը տարածել նաեւ օտար շրջանակներու մէջ:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»