Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ պաշտօնը ստանձնելու առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղեց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել: Հայաստանի վարչապետի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, թէ ուղերձին մէջ կ՛ըսուի.
«Յարգարժա՛ն պարոն վարչապետ,
Սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ՝ ձեր ընտրուելուն առիթով: Իբրեւ յուսալի գործընկեր՝ Գերմանիա պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի Հանրապետութեան արդիականցման եւ բարեփոխումներու իրականցման ընթացքին եւ ջանքեր պիտի գործադրէ՝ երկկողմ բարեկամական յարաբերութիւնները խորացնելու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի խաղաղ զարգացման ուղղութեամբ:
Մեծապէս կ՛ողջունեմ, որ վերջին օրերու եւ շաբաթներու քաղաքական գործընթացներու բոլոր մասնակիցները դրսեւորեցին պատասխանատւութեան բարձր զգացում՝ ի բարօրութիւն հայ ժողովուրդին: Կառավարութեան ձեւաւորման եւ ձեր պաշտօնավարման ընթացքին կը մաղթեմ ձեզի յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք»:
Վարչապետին ուղղուած շնորհաւորանքները կը շարունակուին: