«Մեր նպատակը մեծ հայրենադարձութիւնն է եւ հայութեան մարդկային, ֆինանսական, տնտեսական, հոգեւոր, գիտական ներուժը Հայաստանի մէջ կենտրոնացնելը», Ատլերի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, 13 Մայիսի երեկոյեան յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
«Բոլորդ կ՛ողջունեմ եղբայրական Ռուսիոյ Սոչի քաղաքին մէջ եւ կը փափաքիմ ըսել, որ հպարտ եմ ձեզմով: Քաղաքական մեր ամբողջ գործընթացին ատեն զգացած եմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին շունչը, աջակցութիւնը, եւ այս յաղթանակը ձեզմէ իւրաքանչիւրին յաղթանակն է, ասկէ ետք հայ ժողովուրդը պիտի ըլլայ յաղթող, հայ ժողովուրդը վերջապէս պիտի վերադառնայ իր հայրենիքը», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:
Ան կոչ ըրաւ Ռուսիոյ հայ եւ ռուս գործարարներուն գալու Հայաստան, ներդրումներ կատարելու եւ ստեղծելու աշխատատեղեր:
«Հիմա արդէն նոր Հայաստան է, ուր իւրաքանչիւր ներդրում պաշտպանուած պիտի ըլլայ, եւ որեւէ ներդրում սպառնալիքի տակ պիտի չըլլայ: Այսօր մեր երկրի, հայ ժողովուրդի հեղինակութիւնը բարձր է աւելի քան երբեւէ, եւ ստեղծուած են բոլոր պայմանները, որ մենք ապրինք ու երջանիկ ըլլանք մեր հայրենիքին մէջ», ըսաւ վարչապետը:
Անդրադառնալով հայ-ռուսական կապերուն՝ ան ընդգծեց, որ «մեր կապերը պիտի ըլլան շատ աւելի ամուր, աւելի դաշնակցային եւ եղբայրական»: