ՀԱԼԷՊ.- 6 Մայիսը Սուրիոյ Նահատակներու օրն է: Այս առիթով, հովանաւորութեամբ Հալէպի պետական համալսարանի «Պաաս» կուսակցութեան քարտուղար դոկտ. Նայէֆ ալ Սալթիի, կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդաց միութեան, Երեքշաբթի, 8 Մայիսի յետմիջօրէին, Հալէպի պետական համալսարանի Կեդրոնական գրադարանէն ներս բացումը կատարուեցաւ Հայկական Մշակոյթի շաբթուան՝ մասնակցութեամբ ՀՄԸՄի փողերախումբին, ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Հալէպի մօտ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգիսեանի, Հալէպի պետական համալսարանի «Պաաս» կուսակցութեան քարտուղար դոկտ. Նայէֆ ալ Սալթիի, Հալէպի պետական համալսարանի նախագահ Մուսթաֆա Աֆիւնի եւ ազգային ու պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներու։
Բացման արարողութենէն ետք, ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան եւ դոկտ. Նայէֆ ալ Սալթի:
Սրբազան հայրը անդրադարձաւ Օսմանեան կայսրութեան ջարդարար քաղաքականութեան, ոգեկոչեց հայ եւ արաբ նահատակները՝ դիտել տալով որ այսօր եւս, սուրիական հողերու վրայ, թրքական նոյն բարբարոսութիւնները ի գործ կը դրուին, սակայն Սուրիան իր քաջարի բանակով, պայքարունակ ժողովուրդով եւ խոհեմ ղեկավարութեամբ ու նախագահով դէմ կը դնէ Թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուող ահաբեկչական շարժումին, իսկ սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչները՝ ձեռք-ձեռքի տալով կրկին կը ծաղկեցնեն սուրիական հայրենիքը:
դոկտ. Նայէֆ ալ Սալթի հաստատեց, որ 1915ին հայ ժողովուրդը իր պատմական հայրենիքէն տեղահանուելով ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ: Արիւնարբու Ճեմալ Փաշա հայ եւ արաբ մտաւորականներ ջարդեց, սակայն չյաջողեցաւ ոչնչացնել հայ եւ արաբ եղբայր ժողովուրդները, անոնց պայքարելու եւ հայրենիք կերտելու կամքն ու ոգին: Այսօր եւս, Ճեմալ Փաշայի ժառանգորդ, արիւնարբու աւազակը կը թալանէ Սուրիոյ հարստութիւնը, ջարդի ու տեղահանութեան կ՛ենթարկէ այս տարածքին մէջ ապրող խաղաղ ժողովուրդը՝ իր բոլոր բաղադրիչներով, սակայն մեր միասնակամ պայքարին շնորհիւ ձախողութեան պիտի մատնենք անոր ծաւալապաշտական ծրագիրները ու յաղթական դուրս պիտի գանք այս պայքարէն:
Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան գրադարանի կեդրոնական սրահ, ուր դիտեցին հայ ժողովուրդին եւ անոր պատմութեան ու պետականութեան նուիրուած ցուցահանդէսը: