ՆԻՒՀՈԼ, Քալիֆորնիա.- «Իթըրնըլ Վելի» գերեզմանատան «Սարդարապատի Այգի» կոչուած նոր բաժանմունքին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Մայիս 22ին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ։
Արարողութիւնը նաեւ առիթ պիտի ըլլայ նշելու Սարդարապատի հերոսամարտի հարիւրամեակը, որուն ի պատիւ կոչուած է գերեզմանատան այս հատուածը, ուր կայ Սարդարապատի յուշահամալիրին 20 ոտք բարձրութեամբ կրկնօրինակը։
Օրհնութեան արարողութինը տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ձեռամբ։ Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Նշենք, որ Սարդարապատի հերոսամարտին նուիրուած այս բաժանմունքը պիտի ունենայ աւելի քան 600 գերեզմաններ, իսկ անոր հասցէն է՝ 23287 N. Sierra Hwy., Newhall, CA 91321։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (661) 259-0800 թիւին, կամ այցելել www.eternalvalleymortuary.com կայքը: