Արեւմտեան Ամերիկայի տարածքին գործող հայկական ազգային երեք կուսակցութիւններն ու Հայոց եկեղեցւոյ բոլոր յարանուանութիւնները յառաջացուցած են միացեալ յանձնախումբ մը, որ պիտի կազմակերպէ Առաջին Հանրապետութեան 100ամեակի տօնախմբութիւնը:
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Արեւմտեան շրջանի ղեկավար մարմիններու եւ Հայոց Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Բողոքական եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներու նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ գործի լծուած յանձնախումբը ամէն ճիգ պիտի թափէ այս նշանակալի տարեդարձը պատշաճ շուքով տօնելու:
Տօնախմբութեան թուականի, վայրի եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին հանրութիւնը տեղեակ պիտի պահուի յետագայ հաղորդագրութիւններով: