Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մօտ ՄԱԿի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան (ՊԳԿ) ներկայացուցիչներուն հետ՝ ընթացիկ գործունէութիւնը եւ համագործակցութեան հեռանկարները քննարկելու նպատակով: Հանդիպումին մասնակցեցան Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Արմէն Յարութիւնեան, ՊԳԿի փորձագէտներ եւ նախարարութեան այլ պատասխանատուներ:
Ողջունելով հիւրերը՝ նախարար Խաչատրեան կարեւոր նկատեց ՊԳԿի աջակցութեամբ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ իրականացուող ծրագիրները՝ վստահութիւն յայտնելով, որ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հետ համագործակցութիւնը կը շարունակէ ընդլայնիլ եւ խորանալ:
«Գիւղատնտեսութիւնը երկարաժամկէտ հարցեր կը լուծէ, եւ մենք կը գիտակցինք, որ որոշ շեշտադրումներու փոփոխութիւն պէտք է ըլլայ: Յատկապէս, եթէ նկատի առնենք, որ որոշ ոլորտերու արտադրանքի մեծ մասը՝ մինչեւ 90-95 տոկոսը, կը ստանանք փոքր տնային տնտեսութիւններէն, տրամաբանականօրէն անհրաժեշտ է, որ անոնք նոյնպէս քաղաքականութեան մէջ ներգրաւուին: Բացի այդ, փոքր տնտեսութիւնները պէտք է ընդգրկել նաեւ համագործակցութեան մէջ: Արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը մեզի համար շատ կարեւոր է շահերու պաշտպանութեան եւ գիւղատնտեսական արժէհամակարգը ամբողջացնելու տեսանկիւնէն», ըսաւ նախարարը:
Հայաստանի մօտ ՄԱԿի ՊԳԿի ներկայացուցիչի օգնական Գայիանէ Նասոյեան շնորհաւորեց Արթուր Խաչատրեանը՝ գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով, մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք։ Այնուհետեւ ներկայացուցեցաւ 2016-2020 թուականներու ՊԳԿի առաջնահերթութիւնները:
Եւրոպական դրացնութեան գիւղատնտեսութեան եւ գիւղի զարգացման (ENPARD) ծրագիրի ղեկավար Վահան Ամիրխանեան, իր կարգին ներկայացուց այդ ծրագիրի պարունակին մէջ իրականացած աշխատանքներն ու հետազօտութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակեցին ծրագիրներու արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ հետագայ համագործակցութեան ուղղութիւններուն շուրջ: Քննարկուեցան երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը այլ հարցեր: