Արփիար Ճանոյեանի վաստակը մեծ է հայ մշակոյթին մէջ: Պէյրութէն մինչեւ Լոս Անճելըս, իր տաղանդը, ձիրքն ու ստեղծագործական աշխատանքը դրսեւորուած են յատկապէս թատերական գործերու քարոզչական որմազդներու պատրաստութեան ընդմէջէն:
Կարճ հանդիպում մը իր աշխատանքային վայրը բաւարար է անդրադառնալու, թէ որքա՛ն հարուստ կեանքի ճանապարհ կտրած է Ճանոյեան, լի՛ հետաքրքրական իրադարձութիւններով, նշանաւոր անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներով եւ բազում հաճելի փորձառութիւններով:
Այդ բոլորին առիթ կ՛ունենանք անդրադառնալու յետագային:
Հանդիպման ընթացքին, Ճանոյեան «Ասպարէզ»ին նուիրեց տասնամեակներ առաջ իր գծած Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանի պատկերը: Այս օրերուն մանաւանդ, այդ յատկանշական ու խորհրդանշական նուէրը մեծապէ՛ս գնահատուեցաւ խմբագրութեանս կողմէ:
Ճանոյեան նաեւ «Ասպարէզ»ին նուիրեց ՀՅԴ զինանշաններ, Հայաստանի Հանրապետութեան պղնձակերտ զինանշանը, Ուիլեըմ Սարոյեանի նկարը եւ, ի վերջոյ նաեւ՝ 365 տոլար գումար մը:
Շնորհակալութի՛ւն պարոն Ճանոյեանին: