ԵՐԵՒԱՆ, «Արեւելք».- Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի հարցերով նախկին օգնական Տենիս Ռոս զգուշացուցած է, թէ Միջին Արեւելքը պայթուցիկ վիճակի մը հասած է՝ Իրանի հետ կնքուած հիւլէական միջազգային համաձայնագիրէն դուրս գալու եւ Իսրայէլի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը Երուսաղէմ տեղափոխելու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումներուն իբրեւ հետեւանք։
Ռոս դիտել տուած է, որ վերջին տարիներուն, թէ՛ նախորդ նախագահ Պարաք Օպամա եւ թէ Թրամփ, Միջին Արեւելքի մէջ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը չէզոքացնելու ջանքերուն վրայ՝ առիթ ընծայելով, որ Իրան իր ազդեցութիւնը հզօրացնէ տարածաշրջանին մէջ:
Ռոսի կարծիքով, վերջերս Սուրիոյ հողերուն վրայ տեղի ունեցող իսրայէլաիրանեան հակամարտութիւնը կ՛ապացուցանէ, որ Իրան չի փափաքիր Իսրայէլի հետ հակամարտութիւնը աւելիով հրահրել, այլ կը միտի տարածաշրջանին մէջ աւելի ազդեցիկ ուժ դառնալ:
Սակայն, Ռոս համոզուած է, թէ Իսրայէլ առիթ պիտի չտայ, որ Իրան Սուրիոյ մէջ զօրանայ այնքա՛ն, որքան հզօրացած է այսօր Լիբանանի մէջ, որուն իբրեւ արդիւնք լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութիւնը իր հակակշիռին տակ ունի մօտաւորապէս 12,000 հրթիռներ։
Ամերիկացի նախկին պաշտօնատարին կարծիքով՝ Իսրայէլ յառաջիկային դարձեալ հարուած պիտի հասցնէ Իրանին, վնասելու համար մասնաւորապէս անոր քարիւղի կառոյցները, իսկ իր հերթին, Իրան հակահարուած պիտի հասցնէ Սէուտական Արաբիոյ կամ Ծոցի արաբական երկիրներէն մէկուն:
Տենիս Ռոս այս առթիւ կոչ ուղղած է ամերիկեան կառավարութեան քայլեր առնելու՝ սահմանափակելու համար Միջին Արեւելքի մէջ Իրանի, Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի ազատ գործունէութիւնը: