Լոս Անճելըսի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէն Ալինէ Դուրեանի գլխաւորութեամբ, շուրջ 70 աշակերտներ եւ ուսուցիչներ ժամանեցին Արցախ եւ մարմնակրթութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրներու իրականացման համար ցուցաբերեցին դրամական օժանդակութիւն:
Ստեփանակերտի Անդրանիկ Օզանեանի անուան փողոցին վրայ գտնուող ֆութպոլի փոքր խաղադաշտի տարածքին վրայ, Ալինէ Դուրեան վարժարանի աշակերտներուն ուժերով հաւաքագրած գումարները յանձնեց Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Շաւարշ Սարգսեանին:
Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ Ալինէ Դուրեան ըսաւ, որ իրենք վարժարանի 11րդ դասարանի աշակերտներուն հետ ամէն տարի կ՛այցելեն Արցախ եւ Հայաստան եւ կ՛իրականացնեն զանազան բարեգործական ծրագիրներ:
«Աշակերտներուն փափաքով եւ նախաձեռնութեամբ՝ այս անգամ մեր դրամահաւաքը ուղղուած պիտի ըլլայ Ստեփանակերտի Անդրանիկ Օզանեանի անուան փողոցին վրայ գտնուղ ֆութպոլի փոքր խաղադաշտի վերանորոգման ու բարեկարգման աշխատանքներուն», նշեց վարժարանի տնօրէնը:
Խօսելով Արցախի մէջ իրականացող այլ ծրագիրներուն մասին՝ ան տեղեկացուց, որ իրենք 2016ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն, դրամական օգնութեան ձեւով, եւս օժանդակութիւն կը ցուցաբերեն. գործընթացը արդէն սկսած է: Զոհուածներու ընտանիքներուն օգնելու նպատակով, անոնք Արցախի եւ Հայաստանի մէջ կ՛այցելեն նաեւ այդ ընտանիքներուն:
«Մեր նուիրատուութիւնները մենք շատ քիչ կը համարենք, որովհետեւ մեր զինուորները մեծ զոհողութիւններու գնով հայրենիքի սահմանները անառիկ կը պահեն», յայտնեց Ալինէ Դուրեան՝ աւելցնելով, որ իրենց բարեգործական ծրագիրները շարունակական պիտի ըլլան:
Վարժարանի աշակերտները, իրենց հերթին, անթաքոյց հպարտութեամբ իրենց մեծ սէրն ու գոհունակութիւնը յայտնեցին Արցախի հերոսական ժողովուրդին հանդէպ՝ աւելցնելով, որ իրենք ամէն հարցով պատրաստ են սատարելու արցախցիներուն: Նշենք, որ Լոս Անճելըսի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը հիմնուած է 1970ին. անիկա ամէնօրեայ հայկական կրթօճախ է, ունի 5-18 տարեկան 780 աշակերտ, որոնց կ՛ուսուցանուի հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն, կրօն եւ այլ նիւթեր: