Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մէջ տարածուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ պատրաստուած յուշագիրը, որ կը ներկայացնէ ատրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման առընչուող հարցերու լայն շրջանակին վերաբերեալ Արցախի Հանրապետութեան դիրքորոշումը:
Ըստ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ փաստաթուղթը հրապարակուած է ՄԱԿի պաշտօնական կայքին վրայ եւ հասանելի է հետեւեալ հասցէով՝ http://undocs.org/en/A/72/858:
Փաստաթուղթին մէջ կը ներկայացուին փաստարկներ, որոնք կը ցուցադրեն ատրպէյճանական կողմի պատմական եւ իրաւական փաստարկներու սնանկութիւնը, որոնք՝ իրենց ամբողջութեամբ, իւրայատուկ դրսեւորումն են Ատրպէյճանի մտադրութեան՝ յետագային եւս խոչընդոտել Արցախի ժողովուրդին կողմէ իր անկապտելի իրաւունքի՝ մարդու անհատական եւ հաւաքական իրաւունքի իրականացումը: