ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի մէջ իրավիճակը հանգիստ է. ցուցարարները կը շարունակեն հետեւիլ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ ցոյցերը դադրեցնելու կոչին:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան յայտնեց, որ Արցախի մէջ կեանքը կը շարունակուի իր բնականոն հունով:
«Պէտք է ըսեմ, որ այս օրերուն եւս Արցախի մէջ, ընդհանուր առմամբ, իրավիճակը հանգիստ է. չեն խաթարուած բնականոն կեանքը եւ տարբեր կառոյցներու գործունէութիւնը: Այսօր ալ, որքան տեղեակ եմ, ցոյցեր չկան, ճանապարհները բաց են, ամէն ինչ բնական է, այս պահուն միայն յորդառատ անձրեւ կը տեղայ», յայտնեց Դաւիթ Բաբայեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 4 Յունիսին անդրադարձաւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, ուր վերջին քանի մը օրերուն ցոյցեր տեղի կ՛ունենային ուժային կառոյցներու աշխատակիցներու ներգրաւումով ծեծվըռտուքին պատճառով: Ան անընդունելի համարեց հարցերը բռնութեամբ լուծելու որեւէ փորձ՝ անկախ անկէ, թէ անիկա որուն կողմէ կը կիրառուի: Նիկոլ Փաշինեան կոչ ըրաւ Ստեփանակերտի մէջ դադրեցնելու բողոքի գործողութիւնները, որպէսզի ցուցարարներուն եւ պետական կառոյցներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կեանքի կոչուին:
Արցախի պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան 4 Յունիսին հանդիպած էր նախաձեռնող խումբին հետ։ Սոյն հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները ներկայացուած էին փողոցը հաւաքուած ցուցարարներուն: Արայիկ Յարութիւնեան ողջունած էր ներկաները՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին, որոնք բարձրաձայնած էին հանրային հրատապութիւն ունեցող հարցերուն մասին: Պետական նախարարը շարժման մասնակիցներուն ներկայացուցած էր նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հնչեցուցած կոչը, ուր ան ցոյցի ելած մարդոց յորդորած էր հնարաւորութիւն տալու իշխանութիւններուն՝ իրագործելու խոստացուած բարեփոխումները:
Նախաձեռնող խումբի անդամները ընդառաջեցին եւ դադրեցուցին բողոքի ցոյցը: