Մինչ Լրագրողներու Համահայկական 9րդ համաժողովին սկսիլը, ողջունելի էր ականատես ըլլալ Սփիւռքի մամուլի ներկայացուցիչներու միջեւ գոյացած ջերմ մթնոլորտին, որ արդիւնք էր անցնող տարիներուն գումարուած ժողովներուն:
Հայաստանի սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան փոխանցեց նախարարի ողջոյնի խօսքը, որ արժանացաւ ժողովի մասնակիցներուն լուռ դժգոհութեան, որովհետեւ անոնք վարժ էին ժողովներուն ընթացքին նախարարը տեսնել սկիզբէն մինչեւ վերջ:
Ողջոյնի ելոյթներէն ետք ժողովականները դժգոհութիւն յայտնեցին, թէ սփիւռքի նախարարի Վրաստան մեկնիլը հասկնալի է, բայց ինչո՞ւ ժողովին չի շարունակեր մասնակցիլ փոխնախարարը։
30 Մայիսի օրակարգը «ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան առաջնահերթութիւններն» էր, նիստավարներէն մին փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեանն էր, որ յայտնեց, թէ նախարարութիւնը պիտի աշխատի բաց՝ շեշտը դնելով հայրենադարձութեան վրայ:
Ելոյթ ունեցաւ Լիաննա Աւագեան, որ 13 տարի Ամերիկայի մէջ ապրելէ ետք Հայաստան վերադարձած էր՝ սփիւռքի նախարարութեան նախկին ծրագիրներուն մասնակցելուն շնորհիւ: Անոր կարծիքով ինք եւ շատ ուրիշներ նոյնպէս այդ ծրագիրներու յաջողութեան լաւագոյն օրինակն են:
Մինչ այդ լսեցինք, որ կը փակուի «Իմ Հայաստան» ծրագիրը: Փոխնախարարը կարծիք յայտնեց նաեւ, որ «Արի տուն»ը նոյնպէս անիմաստ ծրագիր է, որովհետեւ կան շատ կառոյցներ, որոնք կ՛իրականացնեն նման ծրագիրներ: Փոխնախարարը չուզեց օրինակ տալ, սակայն ժողովականներուն պնդումով՝ ըսաւ. «Օրինակ Birth right Armenia-ն: Տեղին է նշել, որ փոխնախարարի տուած օրինակը բաձարցակապէս կապ չունի «Արի տուն» ծրագիրին հետ, ո՛չ տարիքային, ո՛չ ալ ծրագրային առումով:
Հետեւելով սփիւռքի նախարարի «Ֆէյսպուք»ի էջին եւ լսելով փակուող ծրագրերուն մասին՝ «Եռագոյն»ի համահիմնադիր Նայիրի Մկրտիչեան ելոյթ ունեցաւ՝ ըսելով.
«Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը հիմնուեցաւ 10 տարի առաջ եւ որքան ալ ոմանք համաձայն չըլլան, արձանագրուած փաստ է, որ այս տասնամեակին ընթացքին նախարարն ու նախարարութեան աշխատակազմը, իրենց ընձեռուած խիստ սահմանափակ հնարաւորութիւններով, տարին հսկայածաւալ աշխատանք՝ աշխատակազմի զգալի մասը նախարարին հետ միասին, աշխատելով օրը 10-12 ժամ, երբեմն աւելի, եւ շաբաթը 6 օր:
Շատ կարեւոր է շեշտադրել «խիստ սահմանափակ հնարաւորութիւն» արտայայտութիւնը, որովհետեւ այլեւս բացարձակ ճշմարտութիւն է, որ երկրին մէջ կը տիրէր մենատիրական իշխանութիւն: Անսխալ գործել Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարին ուղղորդումով, ուր, իմ կարծիքովս, իրաւազրկուած էին նոյնիսկ նախարարի ու աշխատողներու իրաւունքները, ուր չկար նուազագոյն ազատութիւնը, բնականաբար անհնար էր: Բայց համերաշխութիւն յայտարարած Հայաստանի նոր իշխանութեան օրով, նորանշանակ երիտասարդ նախարարին կողմէ թերագնահատել այդ պայմաններուն մէջ կատարուած հսկայական աշխատանքը, եւ թոյլ տալ, որ իր անձնական «ֆէյսպուք»ի էջին վրայ հնչեն վիրաւորական խօսքեր նախարարութեան հիմնադիրին եւ աշխատողներուն հանդէպ՝ նուազագոյնը անարդար է: Խօսքի ազատութեան հնարաւորութիւն տալը չի նշանակեր տեղ տալ վիրաւորանքներու:
Ահա այս է այդ առաջնահերթութիւնը, որմէ զերծ պէտք է մնայ նախարարը իր աշխատակազմով:
Առաջնահերթութիւն կը համարեմ նաեւ աւելի խոր ուսումնասիրել իրականացուած ու շարունակուող իւրաքանչիւր ծրագիր, գնահատել ու պահել լաւը, անհրաժեշտութեան պարագային նորովի մօտեցում ցուցաբերել եւ այո՛ ձախողած ծրագիրները չեղարկել, բայց նպատակ չդնել ոչնչացնել ամէն ինչ, նոյնիկս գեղեցիկը: Շէնքի երկրորդ յարկը կառուցելու համար՝ փորձուած ամուր հիմքը չեն քանդեր:
Խօսինք Փաստերով.
– «Հայկական Սփիւռք Տարեգիրք»
Դատուած է միայն հիմք ընդունելով իր արտաքին «չաղլիկ» ու ծանր տեսքը, որուն հետեւանքով նախարարին կողմէն իր «Ֆէյսպուք»ի էջով հրապարակուած է գիրքի բովանդակութեան հետ գրեթէ կապ չունեցուղ բնութագրում, իբր՝ «տարեգիրքին մէջ ընդամէնը ներառուած են նախարարութեան եւ գործընկերներու կողմէ իրականացուած բոլոր միջոցառումները, նախարարի, երկրի առաջին դէմքերու կատարած այցերը: Եւ այս գիրքը կ՛ուղարկուի սփիւռքեան մեր համայնքներուն, որպէսզի աշխարհասփիւռ հայերը տեղեկացուած ըլլան վերոշարադրեալ կառոյցներու ու անձանց ծաւալած գործունէութեան մասին»:
Իրականութիւնը այն է, որ այդ բոլորին հետ միասինմ տարեգիրքին մէջ տեղ կը գտնեն աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, համայնքներուն եւ համահայկական կառոյցներուն կողմէ իրականացուած այդ տարուան կարեւոր բոլոր ձեռնարկները՝ նպատակ ունենալով Սփիւռքի պատմութիւնը որեւէ տեղ գրի առնել, իսկ ակնարկուած «հնացած տեղեկութիւնները» պատմական կարճ ակնարկներ են կառոյցներուն մասին: Այստեղ հարցը այլեւս ո՛չ թէ տարեգիրքը տպել չտպելու կարեւորութիւնն է, այլ ամէն ինչին մակերեսային մօտեցում ցուցաբերելը՝ գերագոյն նպատակ ունենալով ջնջել ամէն ինչ, որ եկած է անցեալէն, նոյնիսկ գեղեցիկը: Ի վերջոյ, ի՞նչ խնդիր ունի նախարարութեան լոկօն, որ պէտք է նորը ստեղծել: Ըսեմ նաեւ, որ նախատեսուած էր տարեգիրքը հրապարակել թուայնացուած տարբերակով, որպէսզի տեղափոխելու հարց չյառաջանայ եւ տպագրութեան յատկացուած գումարները խնայուին:
– «Դու ի՞նչ ես անում Արցախի համար»
Շարժումի խորագիր, որ որոշուեցաւ 20-24 Հոկտեմբեր 2016ին տեղի ունեցած Լրագրողներու համահայկական 8րդ համաժողովին, այսինքն՝ այստեղ նստածներուս հաւանութեամբ, հիմք ընդունելով Ճան Քենետիի «Դուն մի հարցներ, թէ ինչ կ՛ընէ երկիրը քեզի համար, այլ ըսէ՛, թէ դուն ինչ կրնաս ընել երկրիդ համար»ը: Դարձեալ առանց խորքը թափանցելու՝ այս վերնագիրը համարուեցաւ «կոշտ թոն, որ կը մերժուի նոր Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, բայց չէ՞ որ «Քայլ արա» խորագիրը նոյնպէս հրամայական է, եւ եթէ ուզենք միայն վատ բան տեսնել անոր մէջ, նոյնիսկ վիրաւորական է, այսինքն՝ ժողովուրդը այնքա՛ն թոյլ էր, որ մէկ քայլ ընելու անգամ ուժ չունէ՞ր: Այստեղ հարցը կախում ունի անկէ, թէ ինչ տրամադրուածութեամբ կը նայինք երեւոյթներուն:
Հետեւաբար, առաջնահերթութիւն կը համարեմ սէրն ու համերաշխութիւնը լօզունգէն վերածելու աշխատելաոճի՝ գնահատելու լաւը, արդարացիօրէն վերլուծելու անցեալին կատարուած աշխատանքը եւ ի վերջոյ, քննադատելէն առաջ, նախ՝ աշխատիլ, այնպէս ինչպէս կ՛ընեն միւս բոլոր նախարարութիւնները»:
Այս ելոյթին ի պատասխան՝ փոխնախարարը յայտնեց, որ 21րդ դարը տարեգիրք տպելու դար չէ, իսկ վերջինիս օգնականը յայտնեց, որ նշուեցաւ, թէ «Քայլ արա մերժիր Սերժին» կարգախօսը կը դիտուի իբրեւ հրամայական խօսք, երբ անիկա Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տրամադրութիւն փոխած է: Անհասկնալի էր, որ վերջինս, իբրեւ ժողովի ամփոփում, յայտարարեց իր անձի մասնակցութեան կարեւորութիւնը թաւշեայ յեղափոխութեան, ուր կը շեշտուէր, որ ինք միշտ եղած է առաջին շարքերուն:
Տպաւորութիւն էր, որ փոխնախարարին ու անոր օգնականին համար անհասկնալի էր կա՛մ արեւմտահայերէնը, կա՛մ ընդհանրապէս հնչած միտքերը…
Թէեւ ժողովի մասնակիցներուն թիւը կէսէն ալ պակաս էր, սակայն երկրորդ օրուան երկրորդ կէսը բուռն էր:
Վրդոված ելոյթ ունեցաւ սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Էվելինա Պաղտասարեան (ան նախարարութեան առաջին աշխատակիցներէն մէկն է)՝ յայտնելով, որ քիչ առաջ իրեն յայտնած են, թէ ինք պէտք է նախարարութենէն հեռանալալու դիմում գրէ: Ի պատասխան ելոյթ ունեցաւ օրեր առաջ նշանակուած նախարարի օգնական, սուրիահայ, բայց արեւելահայերէն խօսող Լիւսի Վան, որ անթաքոյց հրճուանքով ըսաւ. «Տիկին Էվելինա ձեզ բարի երթ»: Վերջինս չմոռցաւ նաեւ ներկաներուն յայտնելու իր կենսագրութեան ամենավառ կէտը, ինչ որ ձեռնարկի հանդիսավար ըլլալը:
Երրորդ օրը ժողովը սկսաւ մասնակիցներու քիչ թիւով: Ժամը երկուքէն ետք ժողովականներուն թիւը աւելցաւ՝ սպասելով, որ վերջապէս պիտի հանդիպին սփիւռքի նորանշանակ նախարարին հետ, սակայն վերջինս, դարձեալ փոխնախարարին միջոցով տեղեկացուց, որ ինք շատ զբաղած է եւ չի՛ կրնար ժողովին ներկայ գտնուիլ ու հանդիպիլ աշխարհի տարբեր երկիրներէ Հայաստան հասած խմբագիրներուն եւ լրագրողներուն հետ…։
«ԵՌԱԳՈՅՆ»