ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբթուան յօդուածիս մէջ անդրադարձած էի Միացեալ Նահանգներու մէջ յօգուտ Ատրպէյճանի լոպիինկի համար գաղտնի ֆինանսաւորման մասին. անդրադարձած էի այն վարձատրութեան, որ տրուած է «նախագահ Ալիեւի հետ սերտ կապեր ունեցող նաւթի եւ կազի հարցերով ազդեցիկ խորհրդատուի մը, որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ գաղթականի յաջող պատմութիւն ունեցող մը եւ որ կ՛ապրի Օհայօ նահանգի Տէյթըն քաղաքը, նոյն ժամանակ լոպիինկ կը կատարէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան մօտ՝ ի շահ իր հայրենիքին»։
Ճանի Ռէյթ OCCRP.org (Կազմակերպուած յանցանքի եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծ) համացանցային կայքին վրայ հրապարակած իր՝ «Պաքուի Մարդը Ամերիկայի Մէջ» յօդուածով, մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Ատիլ Պակիրովի գործունէութեան եւ անոր մեծագումար վարձատրութեան մասին, զոր ան ստացած էր ատրպէյճանական աղբիւրներէ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ատրպէյճանի օգտին լոպիինկ կատարելու համար։
Ռէյթ հաղորդած է, որ Պակիրով՝ «Ատրպէյճանական սփիւռքի աշխոյժ անդամներէն մէկը, ստացած է 253 հազար 150 տոլարի փոխանցում ամիսներ անց այն բանէն ետք, երբ Հիւսթըն գտնուող իր ղեկավարած «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ատրպէյճանցիներու ցանց» կազմակերպութիւնը համաժողով կազմակերպած էր Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ, մասնակից ունենալով Քոնկրեսի 10 անդամներ: Գործուղումը լայն քննադատութեան արժանացած էր եւ հետապնդուած՝ Ներկայացուցիչներու տան Բարոյականութեան յանձնաժողովին կողմէ՝ Ատրպէյճանի պետական նաւթային ընկերութեան գաղտնի ֆինանսաւորման պատճառով…:
Պակիրովի ստացած գումարներուն իրական ծագումը անյայտ է եւ թաքնուած՝ գաղտնի, կեղծ ընկերութիւններու ետին: Սակայն կան բաւարար ապացոյցներ, ըստ որոնց՝ այդ բոլորին ետին կանգնած է ինքնիշխան երկրի իշխող վերնախաւը»։
Պակիրով, որ «սատարած է նաեւ Ուաշինկթընի մէջ կայացած ամերիկա-ատրպէյճանական այլ համաժողովներու կազմակերպման աշխատանքներուն, բազմիցս վկայութիւններ տուած է Ներկայացուցիչներու տան առջեւ՝ ի նպաստ Ատրպէյճանի ամերիկեան ռազմական օգնութիւն տրամադրելու գծով, ծառայած է իբրեւ Քոնկրեսի ատրպէյճանական խումբի համակարգող եւ կարեւոր տեղ գրաւած է՝ Հիւսթըն հաստատուած ընկերութեան մէջ, որ կը պնդէ, թէ կազմակերպած է երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այցելութիւնը Սպիտակ տուն», գրած է Ռէյթ։
Պակիրով եւ անոր ընտանիքը մեծ կապեր ունին նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, որ զայն պարգեւատրած է մետալով՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ատրպէյճանի օգտին իր մատուցած ծառայութիւններուն համար: Այսուամենայնիւ, Պակիրով չէ արձանագրուած իբրեւ լոպիիստ, ինչպէս որ կը պահանջուի Մ. Նահանգներու օրէնքով՝ համաձայն «Օտար գործակալներու արձանագրութեան մասին» օրէնքին (FARA): Երբ OCCRP-ի լրագրողները դիմած էին Պակիրովի, ան ըսած էր, որ իրենց հարցը չէ, թէ ինք ուրուն կողմէ վարձատրուած է։
Պակիրով Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած է 16 տարեկանին: Ան աւարտած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանը՝ միջազգային յարաբերութիւններու եւ առեւտուրի կառավարման ճիւղին հետեւելով: Հետագային ան քաղաքագիտութեան դոկտորի կոչում ստացած է Մոսկուայի մէջ: Հետաքրքրական է, որ Պակիրով «ընտրուած է «Տէյթըն» դպրոցի խորհուրդի անդամ, այդ պաշտօնը զբաղեցնելով մինչեւ 2017, ապա պաշտօնէն հեռացած է ժամկէտէն աւելի քան մէկ ամիս առաջ, այն պահուն, երբ գործիչ Տէյվիտ Էսրաթ յայտնաբերած էր, որ Պակիրով կեղծած է իր բնակութեան հասցէն»։
Ռէյթ բացայայտած է, որ Պակիրովի ղեկավարած Turbillion LLC խորհրդատուական ընկերութիւնը ստացած է 253 հազար 150 տոլար վարձատրութիւն՝ Hilux Services կեղծ ընկերութեան մը կողմէ, որ «ատրպէյճանական լուացքատան» մաս կը կազմէ: Turbillion-ը արձանագրուած է Ուայոմինկի մէջ՝ «նահանգ մը, որ յայտնի է շրջանակին մէջ այնպիսի մարդոց, որոնք կ՛ուզեն ստեղծել գաղտնի ընկերութիւններ՝ հարկերէ ազատ խթաններու եւ գաղտնիութեան ապահովման պատճառով»: Ուայոմինկ գտնուող եւ Պակիրովի կողմէ վերահսկուող մէկ այլ՝ Nobel Brothers Pictures LLC անունով ընկերութիւնը «իբր թէ հոլիվուտեան շարժապատկեր կ՛արտադրէ ատրպէյճանական նաւթային արդիւնաբերութեան պատմութեան մասին»։
Պակիրովի կողմէ 253 հազար 150 տոլար ստանալէն վեց ամիս առաջ, անոր Հիւսթըն գտնուող «Մ. Նահանգներու ատրպէյճանցիներուն ցանց» (USAN) ոչ-շահութաբեր ընկերութիւնը «օգնած է երկօրեայ համաժողով կազմակերպելու Պաքուի մէջ՝ «Միացեալ Նահանգներ-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները. ապագայի տեսլականը» նիւթով: Ռէյթ պարզած է, որ USAN-ը նաեւ երկու այլ համաժողով կազմակերպած է Ուաշինկթընի մէջ։
«Պաքուի մէջ 2013ի հանդիպման ներկայ եղած են Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի 11 անդամներ, որոնցմէ տասն վճարուած են, իսկ 30է աւելի անոնց աշխատակիցները, որոնց, ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի ձեռք բերած Քոնկրեսի Բարոյականութեան գրասենեակի գաղտնի զեկոյցին, շռայլօրէն նուիրած են մետաքսէ շալեր, բիւրեղապակեայ թէյի սպասներ եւ ատրպէյճանական գորգեր՝ 2500-10,000 տոլար արժողութեամբ», հաղորդած է Ռէյթ։
Բացի նշեալներէն, Պակիրով աշխատած է քոնկրեսական Քուրթ Ուելտընի (հանրապետական, Փենսիլվենիա) համար որպէս յատուկ խորհրդական Ռուսիոյ եւ նախկին Խորհրդային Միութեան հարցերով: Ուելտըն իր պաշտօնը կորսնցուցած է 2006ին՝ «արդարադատութեան բաժանմունքին կողմէ հետապնդուելէ ետք՝ իր դստեր լոպիիստական ընկերութեան ենթադրաբար գրեթէ մէկ միլիոն տոլարի խորհրդատուական պայմանագիրներու ստորագրումը ապահոված ըլլալուն համար, ռուսական երկու ընկերութիւններէ եւ սերպական հիմնադրամէ մը», յայտնած է Ռէյթ:
2004ին Ուելտըն ստեղծած է Ատրպէյճանի քոնկրեսական խումբը, գործընկեր քոնկրեսական Սալըմըն Օրտիզի (դեմոկրատ, Թեքսաս) հետ միասին. վերջինս յետագային աշխատած է որպէս լոպիիստ, Ատրպէյճանի համար: Պակիրով «աշխատած է որպէս խումբի համակարգող եւ կ՛ենթադրուի, որ 2003ին եւ 2004ին ան քոնկրեսեան պատուիրակութիւններու հետ ճամբորդած է դէպի նախկին Խորհրդային Միութիւն»։
Բացի ասկէ, Ռէյթ յայտնած է, որ «2008էն մինչեւ 2016, գրեթէ ամէն տարի Պակիրովը նաեւ հրաւիրած են՝ օտարերկրեայ տնտեսական եւ ռազմական օգնութեան պիւտճէներ առաջարկելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի համար Ներկայացուցիչներու տան պետութեան, արտաքին գործառնութիւններու եւ յարակից ծրագիրներու յատկացումներու ենթայանձնաժողովին: Քանի մը տարի USAN-ի եւ Պակիրովի մէկ այլ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութեան՝ Ղարաբաղի հիմնադրամի այլ ներկայացուցիչներ եւս վկայութիւն տուած են»: Քոնկրեսէն ներս տուած իր վկայութիւններուն մէջ Պակիրով կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին՝ զերոյի իջեցնել Հայաստանին տրուող օժանդակութիւնը, միւս կողմէ խնդրելով, որ Ատրպէյճան ստանայ 26 միլիոն տոլար USAID-էն եւ 3.9 միլիոն տոլար՝ ռազմական օգնութիւն։
Պակիրով նաեւ միջազգային կապերու գծով գործադիր փոխնախագահ եղած է Համաշխարհային ռազմավարական ուժանիւթի կազմակերպութեան մէջ, որ Հիւսթընի մէջ գործող ընկերութիւն է եւ կ՛առաջարկէ «ուժեղ գործարար եւ քաղաքական կապեր»՝ հեռանկարային յաճախորդներու օգնելու, որ այս վերջինները օգտուին ածխաջրածինի զարգացման ընձեռած հնարաւորութիւններէն՝ «քաղաքականապէս բարդ երկիրներու մէջ», որոնց շարքին՝ Ատրպէյճանի։
Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան բաժանմունքէն պէտք է պահանջել, որ քննէ Ատրպէյճանի օգտին Միացեալ Նահանգներու մէջ Պակիրովի չարձանագրուած լոպիիստական գործունէութիւնը, պարզելու համար, թէ արդեօք որեւէ անօրինական գործողութիւն կատարուա՞ծ է…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ