«Երէկ (Երեքշաբթի, 5 Յունիսին) խմբագրատանս հիւրն էր Ֆրանսաբնակ աշխարհահռչակ լեռնագնաց Արա Խաչատուրեան, որ 2016ին իր կնիքը դրած էր անկարելի նկատուած յաջողութեան մը վրայ, բարձրանալով աշխարհի ամենաբարձր լերան՝ Էվերեսթի գագաթը ¤8848 մեթր) եւ հոն զետեղելով Հայաստանի, Լիբանանի, Եւրոպայի եւ Ֆրանսայի դրօշները», կը պատմէ «Մարմարա» օրաթերթը։
Արա Խաչատուրեան ծնած է 1964ին, Լիբանան, ապա գաղթած է Ֆրանսա, Մարսէյ։ Լեռնագնացութեան իր առաջին յաջողութիւնները արձանագրած է՝ մագլցելով Մոնպլանի գագաթը՝ 4810 մեթր, Արարատի գագաթը՝ 5165 մեթր, Քլիմանժարոյի գագաթը՝ 5898 մեթր։ Յետագային, նմանօրինակ յաջողութիւններ ձեռք բերած է Փերուի, Պոլիվիոյ, Էքուատորի, Ղըրղըզիստանի մէջ, բարձրանալով այս երկիրներու լեռներու կատարները։
«Այս փորձառութիւնները ձեռք բերելէ ետք, 2015ին, իբր ոգեկոչում Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, որոշեր է բարձրանալ Էվերեսթի գագաթը, Թիպեթի կողմէն։ Լեռ մագլցելու ընթացքին պատահեր է ահաւոր երկրաշարժ մը եւ այլ լեռնագնացներէն 20 հոգի տեղւոյն վրայ մահացեր է։ Ինք հրաշքով փրկուեր է եւ կիսատ թողելով իր նպատակը, վերադարձեր է Ֆրանսա։ 2016ին կրկին ձեռնարկեր է այս ծրագիրը իրականացնելու։ Ֆրանսայէն Ալէն Պօյաճեան եւ Սեպասթիան Պոնի եւ այլ ֆրանսահայեր, մասնաւորաբար Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, իրեն նիւթապէս օժանդակեր են այս բազմածախս ծրագիրը իրականացնելու համար ¤50 հազար Եուրօ)։ Ուստի ան կրկին ձեռնարկեր է այս աշխատանքին», կը գրէ «Մարմարա»ն։
Արա Խաչատուրեան ներկայիս ձեռնարկած է վազքի մէջ յաջողութիւն ձեռք բերելու ծրագիր մը իրականացնելու։ «Ֆրանսայէն ճամբայ ելեր է եւ ամէն օր մէկ մարաթոն, այսինքն 42 քիլոմեթր վազելով սահմանակից երկիրներէն անցեր ու հասեր է Յունաստան, ուրկէ երէկ մուտք գործեր է Թուրքիա, յետոյ հասեր է Իսթանպուլ։ Ան երէկ, գիշեր մը միայն պիտի մնար քաղաքիս մէջ, ուրկէ այս առաւօտ ժամը 7ին ճամբայ պիտի ելլէր վազելով եւ Սեւծովեան շրջանէն անցնելով պիտի կտրէր Անատոլուի տարածքը, յետոյ Վրաստանէն անցնելով պիտի հասնէր Հայաստան։ Այս ուխտագնացութիւնը՝ Իսթանպուլէն մինչեւ Հայաստան, պիտի տեւէ 46 օր։ Ուրեմն, ինք կը վազէ օրը 42 քլմ. ճամբայ, 4.5 ժամ։ Իր մարաթոնը՝ Ֆրանսայէն մինչեւ Հայաստան պիտի տեւէ 106 օր», կ՛եզրափակէ «Մարմարա»ն։