ԵՐԵՒԱՆ.- «Իզմիրլեան» հիմնադրամի աջակցութեամբ, Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատան տարածքը արդէն առաւել հասանելի եւ մատչելի դարձաւ հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներու համար: Այս մասին կը յայտնէ «Մեդիամաքս»ը:
Չորեքշաբթի օր, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած վերանորոգուած մանկատան բացման արարողութեան մասնակցեցան «Իզմիրլեան» հիմնադրամի կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն Գրեգորի Ճերեճեան, Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեան, «Իզմիրլեան» հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Լուսինէ Գալաճեան:
2017էն 2018 ժամանակշրջանին ընթացքին «Իզմիրլեան» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ եւ ֆինանսաւորումով շինարարական աշխատանքներ իրականացուեցան Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատան տարածքին մէջ՝ նպատակ ունենալով մանկատան տարածքը առաւել հասանելի եւ մատչելի դարձնել հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներու համար:
Շինարարական աշխատանքները, որոնք իրականացուեցան Հայաստան համահայկական հիմնադրամին կողմէն, ներառած են սակաւաշարժ երեխաներու համար թեքահարթակներու կառուցում, շէնքի կողային ճակատներու ջերմամեկուսացում եւ բակի ցանկապատի վերանորոգում:
Տարածքի կանաչապատման աշխատանքներուն իր աջակցութիւնը ցուցաբերեց Երեւանի քաղաքապետարանը:
Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ենթակայ կառոյց հանդիսացող Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատունը, որուն նպատակն է առանց ծնողական խնամքի մնացած հաշմանդամ երեխաներու շուրջօրեայ խնամքի ապահովումը, 2004էն ի վեր կը գտնուի «Իզմիրլեան» հիմնադրամի հոգածութեան եւ ուշադրութեան կեդրոնին:
«Իզմիրլեան» հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Լուսինէ Գալաճեան Հինգշաբթի օր յայտնեց, որ հիմնադրամը կը շարունակէ Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատան իր աջակցութիւնը՝ նկատի ունենալով կառոյցի պահանջները: