ՊԱՔՈՒ.- Յունիս 5ի կանուխ ժամերուն, ռուս-ատրպէյճանական սահմանի ատրպէյճանական Ղուսարի շրջանի Եուխարը Զէյխուր գիւղին մէջ, ատրպէյճանցի սահմանապահները սահման անցնելու ապօրինի փորձ մը կանխարգիլած են. այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը: Կը նշուի, որ սահմանը խախտող անձը 1996ի ծնունդ Վատիմ Մարտանի Զէյնալովն էր, որ մերժած է ենթարկուիլ սահմանապահներու հրահանգներուն եւ դիմադրութիւն ցոյց տուած է: Արդարեւ, 22 տարեկան սահմանախախտը կրակ բացած է սահմանապահ ծառայութեան աշխատակիցներուն ուղղութեամբ, ապա պատասխան կրակոցի պատճառով սպաննուած է: Անոր մօտ յայտնաբերուած է «Մաքարով» տեսակի ատրճանակ: Դէպքին առիթով հետաքննութիւն կը կատարուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.