ԱՆԳԱՐԱ, «Տէօչէ Վելլէ».- Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) պատուիրակութիւնը հրապարակած է զեկուցում մը՝ Թուրքիոյ մէջ 24 Յունիսին տեղի ունենալիք արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ երկրին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ: Զեկուցումը կը հաստատէ, որ Թուրքիոյ մէջ 2016էն մինչեւ օրս շարունակուող արտակարգ դրութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրի արեւելեան շրջաններուն մէջ իրականացուող զինուորական գործողութիւնները, խօսքի ազատութեան սահմանափակումները, լրագրողներու կամ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներու բանտարկութիւնները բացասաբար կ՛ազդեն նախընտրական մթնոլորտին վրայ:
Զեկուցումը պատրաստելու համար Թուրքիա այցելած պատուիրակութիւնը ուշադրութիւն հրաւիրած է նաեւ այն փաստին վրայ, որ ընտրութեանց ժամկէտներու սահմանումէն միայն մէկ ամիս առաջ ընտրական օրէնսգիրքին մէջ էական փոփոխութիւններ կատարուած են, ինչ որ կը հակասէ Վենետիկի յանձնաժողովի սկզբունքներուն:
Ըստ ԵԽԽՎի ներկայացուցիչներուն՝ տուեալ օրէնսդրութեան փոփոխութիւնները կրնան աւելցնել ընտրական հոլովոյթին կողմնակի միջամտութեանց վտանգները եւ նուազեցնել արդար ընտրութիւններ կատարելու երաշխիքները:
Նշենք, որ Թուրքիոյ ընտրական գերագոյն խորհուրդի նախագահը մերժած է հանդիպիլ ԵԽԽՎի նշեալ պատուիրակութեան հետ: