«Օրորա» մարդասիրական մրցանակի երրորդ դափնեկիրը Միանմարի մէջ ռոհինճա ժողովուրդի իրաւունքներուն համար պայքարող իրաւաբան Չօ Լա Աունն է: Դափնեկիրին անունը յայտարարուեցաւ 10 Յունիսի լուսաբացին՝ Խոր Վիրապի վանքին յարակից տարածքին մէջ՝ Արարատի ստուերին ներքեւ, իբրեւ արշալոյսի՝ նոր լուսաւոր սկիզբի խորհրդանիշ:
115 երկիրներէ առաջադրուած 750 թեկնածուներէն այս տարուան «Օրորա» մրցանակի դափնեկիր ընտրուած Չօ Լա Աուն տասնամեակներ շարունակ իրաւապաշտպան գործունէութիւն կը ծաւալէ քաղաքացիութենէ զրկուած իր ռոհինճա ժողովուրդի իրաւունքներուն համար:
Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ Կիրակի օր տեղի ունեցած «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան՝ ««Օրորա» ի պատիւ 2018 թուականի դափնեկիրին» խորագիրով ձեռնարկին մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ տիկինը՝ Նունէ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր կնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկաւ խօսքով, որուն մէջ ան գնահատեց «Օրորա»ի մարդասիրական նշանակութիւն ունեցող մրցանակաբաշխութիւնը եւ հետապնդած նպատակները: