ՊԸՐՊԵՆՔ.- Երեքշաբթի, Մայիս 22ին, Արեւմտեան թեմի «Զօրայեան» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցան պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի՝ «1918. Պայքար հանրապետութեան համար» խորագրեալ դասախօսութիւնը եւ «Առաջին Հանրապետութեան պատկերներն ու խորհրդանշանները» վերնագիրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացումը:
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրերորդ տարեդարձին նուիրուած այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանովութեամբ եւ «ՀԲԸՄ Ասպետներ»ու աջակցութեամբ: Շուրջ 200 մասնակիցներ ներկայ գտնուեցան ցուցադրութեան բացման ու դասախօսութեան:
Բացման աղօթքէն ետք, Ներսէս քհնյ. Հայրապետեան հրաւիրեց «ՀԲԸՄ Ասպետներ»ու վարչութեան ատենապետ Հերի Սինանեանը՝ իր ողջոյնի խօսքը յղելու մասնակիցներուն:
Օրուան բանախօսը ներկայացուց հայ ժողովուրդին համար բախտորոշ ժամանակահատուածին վերաբերող պատմական վաւերագիրներ՝ տեղի ունեցած զարգացումներուն եւ դէպքերուն տալով նոր մեկնաբանութիւններ ու դատողութիւններ: Պատկերներով հարստացուած դասախօսութեան ընթացքին անդրադարձ եղաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կայացման դժուարին ու օրհասական դրուագներուն, արտաքին ու ներքին զարգացումներուն, որոնք բախտորոշ նշանակութիւն ունեցան հայկական պետութեան ճակատագիրին վրայ:
Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին զեկուցաբերին եւ անդրադարձներ եղան Հայաստանի մէջ վերջին շաբաթներուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն:
Սալբի եւ Սօսի Քերքոնեանները սրինգի եւ տաւիղի գեղեցիկ նուագակցութեամբ համեմեցին երեկոն:
Իր օրհնութեան խօսքին մէջ, առաջնորդը բարձր գնահատեց դոկտ. Հայկ Դեմոյեանի կատարած աշխատանքները եւ գոհունակութիւն յայտնեց «ՀԲԸՄ Ասպետներ»ու վարչութեան՝ օրուան ծրագիրը կազմակերպելուն եւ հովանաւորելուն համար: Ան նաեւ յիշեցուց Գէորգ Ե. կաթողիկոսի խօսքերը, ուր երջանկայիշատակ հայրապետը կը քաջալերէր զիուորներուն մարտի դաշտ երթալով՝ պայքարելու յանուն հայրենիքի, ինչպէս նաեւ Գարգին Ա. Յովսէփեան կաթողիկոսի «Ես եկել եմ համբուրելու ձեր ճակատը, որ դուք փրկէք Հայաստանը» խօսքը՝ ուղղուած զինուորներուն: Սրբազանը յորդորեց միշտ իբրեւ վառ օրինակ ունենալ Սարդարապատի հերոսամարտը եւ ի գին ամէն զոհողութեան՝ միշտ սատարել հայրենիքին:
Հանդիսութեան յաջորդեց հիւրասիրութիւն: