ԵՐԵՒԱՆ.- Դատախազութիւնը մեղմացուց իր դիրքորոշումը «Հիմնադիր Խորհրդարանի» առաջնորդ Ժիրայր Սեֆիլեանի գործով:
Երկուշաբթի, 11 Յունիսին, Վերաքննիչ դատարանին մէջ, ներկայացնելով ընդդիմադիրներու բողոքի պատասխանը՝ մեղադրող դատախազը յայտարարեց, թէ պայմանաւորուած իրավիճակի փոփոխութեամբ, կը միջնորդէ, որ 10 տարի 5 ամիս ազատազրկման դատապարտուած Սեֆիլեան ճաղերու ետին մնայ եօթ տարի:
Նոյն գործով միւս մեղադրեալ Գէորգ Սաֆարեանի դատախազը միջնորդեց ազատ արձակել դատարանի դահլիճէն, անոր նկատմամբ պատիժը պայմանականօրէն չկիրառելով:
Ժիրայր Սեֆիլեան եւ միւս դատապարտեալները վերաքննիչ ատեանէն արդարացում կը պահանջեն:
Ըստ Փաստաբան Տիգրան Հայրապետեանի՝ Գէորգ Սաֆարեանէն բացի դատարանը կրնայ նաեւ Ժիրայր Սեֆիլեանը ազատ արձակել, պատիժը պայմանականօրէն չկիրառելով, բայց այդ մէկը հարցին լուծումը չէ։ «Անթոյլատրելի է, անգամ եթէ իրենց խափանման միջոցը փոխուի, միեւնոյնն է՝ նման մեղադրանքները շարունակեն գոյութիւն ունենալ: Ժիրայր Սեֆիլեանը, Գէորգ Սաֆարեանը պէտք է արդարացուեն», յայտարարած է փաստաբանը:
Ժիրայր Սեֆիլեան մեղադրուած է Ցեղասպանութեան 100ամեակին զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու յանցանքով, յետագային Սահմանադրական հանրաքուէին ընդառաջ, իբրեւ թէ մտադիր եղած է զէնքի գործադրութեամբ շէնքեր գրաւել, իշխանութիւններուն պարտադրել որոշ պահանջեր:
Դատարանը որոշումը պիտի հրապարակէ Չորեքշաբթի օր:
Նշենք, որ Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Ալեն Սիմոնեան անձնական երաշխաւորութիւն տուած է Ժիրայր Սեֆիլեանի խափանման միջոց կալանքը փոխելու համար:
«Քիչ առաջ հանդիպեցի Ժիրայր Սեֆիլեանի փաստաբան Տիգրան Եգորեանի հետ եւ երաշխաւորագիր ստորագրեցի Ժիրայր Սեֆիլեանի խափանման միջոցը փոխելու համար», իր «ֆէյսպուք»ին վրայ վրայ գրած է Սիմոնեան:
Նշենք, որ Ժիրայր Սեֆիլեանի փափաքով իր կալանքի փոփոխութեան հարցը պիտի քննարկուի ամէնէն վերջը, երբ կը լուծուին բոլոր միւս դատապարտեալներուն հարցերը: