ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութիւնը քրէական գործով մեղադրանք առաջադրած է Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կարէն Աւագեանի հանդէպ՝ առանձնապէս մեծ չափերով իւրացում կատարելու համար:
Քննչական կոմիտէի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ 25 Մայիս 2018ին, Հայաստանի քննչական կոմիտէն ստացած է Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Կարէն Աւագեանի դիմումը առ այն, որ 6 Ապրիլին Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը յիշեալ հիմնադրամի կողմէ ինքն իր հետ կնքած է 326 միլիոն դրամի փոխառութեան պայմանագիր:
Դէպքին առիթովմ Հայաստանի քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութիւնը յարուցած է քրէական գործ: Հարցաքննուած են շարք մը անձեր, կատարուած են առգրաւումներ եւ խուզարկութիւն, որոնց շնորհիւ փաստական տուեալներ ձեռք բերուած են, որ հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը, կանոնադրութեամբ ունենալով հիմնադրամի գոյքը եւ ֆինանսական միջոցները տնօրինելու իրաւասութիւն, 2013-2018 ընթացքին հիմնադրամի դրամատնային հաշիւներէն մաս-մաս կանխիկացուցած, ապա հիմնադրամէն առհաշիւ ստացած եւ իւրացումով յափշտակած է հիմնադրամին պատկանող, իրեն վստահուած առանձնապէս մեծ չափի՝ 325,600,000 դրամ գումար:
Ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու հիման վրայ՝ տնօրէնին նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուած է: Աւագեան ընդունած է առաջադրուած մեղադրանքը եւ պարտաւորուած է փոխհատուցել պատճառուած վնասը: