Հինգշաբթի, 31 Մայիս, 2018ին, ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի զոյգ մը աշակերտներ, Սեւանի վանքին առջեւ ներկայացուցին Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» թատերախաղէն փոքրիկ պատկեր մը: Իր տեսակին մէջ եզակի այս սիրողական բեմադրութիւնը հետաքրքրութեան արժանացաւ նաեւ վանքը այցելութեան եկած զբօսաշրջիկներուն, որոնք դերակատար զոյգի դասընկերներուն հետ միասին դարձան «հանդիսատես»:
Թատերական այս պատկերը մտայղացումն էր վարժարանի հայոց գրականութեան դասատու Նորայր Տատուրեանի: Ան բեմադրութեան մասին այտայայտուեցաւ այսպէս. «Հին Աստուածներ» թա-տերախաղը իրական պատմութիւն է, որ տեղի ունեցած է 1150 տարի առաջ, ահա հո՛ս, Սեւանի թերակղզիին վրայ (այն ժամանակ կղզի) Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ շինարարութեան օրերուն: Եկեղեցւոյ պատուիրատուն եղած է Աշոտ Բագրատունի թագաւորի դուստրը, Սիւնեաց Վասակ Գաբուռ իշխանի այրին՝ Մարիամը, որ ուխատած էր 30 եկեղեցի կառուցել իր վաղամեռիկ ամուսնոյն յիշատակին: Յիշեցնեմ, թէ բեմական արուեստներու մէջ կայ in-situ հասկացողութիւնը, այսինքն խաղը կատարել տեղի ունեցած վայրին վրայ: Նոյնպէս եւ մենք, գիտակցելով, թէ «Հին Աստուածներ»ը տեղի ուեցեր է այս տարածքին վրայ, մեր աշակերտներուն հետ որոշեցինք հայաստանեան մեր պտոյտը աւելի յիշատակելի դարձնել ու վերակենդանացնել այս փոքրիկ տեսարանը: Մեր բուն նպատակն է արհեստավարժ թատերախումբերու ուշադրութիւնը գրաւել ու յուսալ, որ օր մը ամբողջ խաղը հոս կը բեմադրուի եւ մենք հաճոյքով կը դիտենք զայն»:
Աշակերտները բեմադրեցին Մարիամ իշխանուհիի եւ Յովհաննէս վանահօր տեսարանը՝ լարուած երկխօսութիւն մը, ուր կայ ներքին պայքար. պայքար՝ բանականութեան եւ կիրքի միջեւ, պայքար իրականութեան եւ մտապատրանքի միջեւ: Զոյգ դերակատարներն էին 11րդ դասարանի աշակերներ Քրիստինա Շիրանեան եւ Շանթ Յովակիմեան:
(Աղբիւր՝ դպրոցական կայքէջ)
https://www.agbumhs.org/apps/news/article/880624