ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) քննչական վարչութեան յարուցած քրէական գործի ծիրին մէջ հարցաքննութեան կանչուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան: Հարցաքննութիւնը նախատեսուած է տեղի ունենալ յառաջիկայ օրերուն: Արդէն օրն ու ժամը նշանակուած են: Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ՊԵԿ նախագահ Դաւիթ Անանեան քննութեան ընթացքին վերաբերեալ այլ տեղեկութիւններ չյայտնեց:
Ըստ Անանեանի՝ քրէական գործը յարուցուած է քանի մը կազմակերպութիւններու գործունէութեան առնչութեամբ, որուն հետ կապուած կան բարձրաստիճան պաշտօնատար անձեր:
«Սովորական գործողութիւն է քրէական գործի շրջանակներում: Ի դէպ, նա միակ բարձրաստիճան պաշտօնեան չէ, որ պէտք է հարցաքննուի», աւելցուց Դաւիթ Անանեան:
Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ, 2014-2017 տարիներուն, գնումներու եւ բանակաշինութեան ոլորտներէն ներս տեղի ունեցած չարաշահումներուն վերաբերեալ ՊԵԿ քննչական վարչութեան կողմէ քննուող քրէական գործով նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեան հիման վրայ, ՊՆ հիմնական շինարարութեան եւ զօրքերու բնակաւորման վարչութեան արտադրական բաժինի նախկին պետ Գրիգոր Բարսեղեանին մեղադրանք առաջադրուած է պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու, առանձնապէս մեծ չափերով խարդախութեան, առանձնապէս մեծ չափերով կաշառք ստանալու, փաստաթուղթ կեղծելու համար, իսկ ՊՆ հիմնական շինարարութեան եւ զօրքերու բնակաւորման վարչութեան պետ Աշոտ Գրիգորեանին՝ առանձնապէս մեծ չափերով խարդախութեան փորձի, պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու, պաշտօնական փաստաթուղթ կեղծելու համար:
Նախաքննութեան ընթացքին խուզարկութիւն կատարուած է նաեւ ՀՀ ՊՆ բարձրաստիճան անձերու աշխատասենեակներուն մէջ, հարցաքննուած են քանի մը տասնեակ անձեր:
Հարցաքննութեան կանչուած են նախկին եւ ներկայ պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար անձեր: