Պետրոս Դուրեան… Արեւմտահայ գրականութեան ամենասիրուած հեղինակը թերեւս, որուն բազմաթիւ անգամներ տպագրուած գործերը՝ «Տրտունջք»ը, «Լճակ»ը, «Թրքուհին»ը եւ միւսները գոց կ՛արտասանեն նոյնիսկ անոնք, որոնք հազիւ հայկական դպրոց մը աւարտած, ապա չեն առնչուած հայ կեանքին: 21 տարեկան ծաղիկ հասակին թոքախտի պատճառով կեանքէն հեռացած կեանքով լեցուն այս բանաստեղծը իր ստեղծագործութիւններով հանդիսացած է հայ գրականութեան զարգացման անկիւնաքարերէն մէկը, բազմաթիւ անգամներ իրաւամբ համեմատուելով համաշխարհային գրականութեան տիտաններուն հետ: Դուրեանի խորունկ զգացմունքայնութիւնը, անհատի նուրբ ապրումները պատկերելու տաղանդը, մահուան՝ արուեստով յաղթելու հանճարեղութիւնը զինքը եզակի հեղինակի մը վերածելու քանի մը ազդակներէն օրինակներ են միայն:
Դուրեանի երկերուն այս նոր հրատարակութիւնը՝ «Աստեղերու հեղեղ»ը կը բովանդակէ հեղինակին բանաստեղծութիւնները, յօդուածներն ու նամակները՝ տրուած ծանօթագրական ճոխ տեղեկութիւններով, ինչպէս նաեւ կենսագրական հարուստ տուեալներով:
Հրատարակութիւնը նախատեսուած է ո՛չ միայն համայնքային դպրոցներու ուսուցիչներուն ու աշակերտութեան համար, այլ նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնց հոգիներէն ներս վառ կը մնայ Պետրոս Դուրեանի հանդէպ սէրը, ինչպէս նաեւ առհասարակ բանաստեղծութեան նկատմամբ վառ հետաքրքրութիւնը:
Պետրոս Դուրեան ծնած է 20 Մայիս 1851ին, Սկիւտար: Յաճախած է երբեմնի համբաւաւոր Ճեմարանը, զոր աւարտած է 1867ին: Կ՛աշխատի տարբեր վայրերու մէջ: Այդ տարիներուն կը յօրինէ իր անդրանիկ պատմական թատերախաղը: Հետզհետէ բեմ կը հանուին նաեւ միւս թատրերգութիւնները, որոնց ներկայացումներուն ներկայ կ՛ըլլար անձամբ:
1869ին Դուրեան ճանաչում կը գտնէ նաեւ որպէս բանաստեղծ ու հրապարակագիր: Կը հրատարակուի «Ձօն Առ Հայրիկն Խրիմեան Ազգասէր Նորընտիր Պատ. Կ. Պոլսոյ» բանաստեղծութիւնը:
Պետրոս Դուրեանի մօտ թոքախտը ի յայտ կու գայ 1871ի: Կը մահանայ 21 Յունուար 1872ին:
Բանաստեղծի մահէն ետք կը տպագրուին իր երկերը, եւ գոյացած գումարով կը կանգնեցուի շիրիմը, 1874ին: Տապանագիրի հեղինակն է 14ամեայ եղբայրը՝ Միհրանը (հետագային՝ Եղիշէ արք. Դուրեան):
«ԱՐԱՍ»