ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Հինգշաբթի, Յուլիս 5ին, առաւօտեան ժամը 10:15ին, Յիսուսի Պայծառակերպութեան (Վարդավառ) տօնին առիթով պատարագ պիտի մատուցուի, Անդաստանի արարողութիւն պիտի կայանայ եւ Ս. հաղորդութիւն պիտի տրուի «Արարատ Տան» մատրան մէջ, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերու։
Անդաստանի արարողութիւն պիտի կատարուի եւ Ս. հաղորդութիւն պիտի տրուի նաեւ «Արարատ Տան» հիւանդանոցին մէջ։
Նաեւ, նոյն օրը, կ.ե. ժամը 3:30ին, Անդաստանի արարողութիւն պիտի կատարուի եւ Ս. հաղորդութիւն պիտի տրուի Լոս Անճելըս-Իկըլ Ռաքի «Արարատ Տան» մէջ։