ԱՍՏՂԻԿ ՇԻԹԻԼԵԱՆ
Կիրակի, 8 Ապրիլ 2018ի կէսօրին, «Եունիվըրսըլ Հիլթըն» պանդոկի գեղատեսիլ սրահին մէջ, մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ ՀՕՄի Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղի նորաձեւութեան ցուցադրութեան տարեկան ձեռնարկը, որ կը հովանաւորուէր Gaska Alliance Foundation-ի կողմէ: Ձեռնարկ մը, որ իր մեծաթիւ մասնակիցներով, անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու, թէ մարդասիրական իր գործունէութեան առընթեր՝ ՀՕՄուհին կը սիրէ նաեւ նորաձեւութիւնը եւ կը փորձէ ծանօթանալ անոր վերջին նորութիւններուն:
«Մենք՝ ՀՕՄուհիներս, ահա 31 գարուն է, որ նշում ենք կանացի գեղեցկութեան, հմայքի, նազանքի, թարմութեան եւ զարթօնքի մի սքանչելի ներդաշնակութեան տօն, որը կոչուած է «Նորաձեւութեան Ցուցադրութիւն»». գեղեցիկ այս խօսքերով ողջունեց ներկաները ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի ատենապետ Ժարմէն Միրզախանեան եւ բարի վայելում մաղթեց ներկաներուն:
Մեծ թիւով փափկասուն տիկիններու եւ մանաւանդ պարմանուհիներու մասնակցութեամբ իրականացուող այս նախաձեռնութիւնը, այս տարի եւս նպատակ ունէր քաջալերելու եւ գնահատանք արձանագրելու հայազգի ձեւաւորող- ոճաբաններուն եւ անոնց նրբագեղ արուեստը ծանօթացնելու մեր համայնքին: Այս իմաստով, մասնաճիւղը վերջին տարիներուն պարծանքով հրաւիրած էր ոճաբաններ՝ Վիգէն Տէրտէրեան (Քալիֆորնիա-Հայաստան), Sarafia Couture (Լիբանան), Այտա Ղարիպի (Քալիֆորնիա), Գէորգ Շատոյեան (Սուրիա-Հայաստան), Irucci Couture եւ Մարիամ Պասքա (Քալիֆորնիա), որոնք սիրայօժար ցուցադրած են իրենց ստեղծագործութիւնները եւ ականատեսի բարձր գնահատանքի արժանացած են:
Մասնաճիւղի նորաձեւութեան ցուցադրութեան տարեկան այս ձեռնարկը մեծ արձագանգ գտնելով նաեւ Միացեալ Նահանգնե-րէն դուրս՝ արտասահմանէն եւս շատ ոճաբաններ ամէն տարի կը դիմեն մասնաճիւղին, մասնակցելու համար այս միջոցառման:
Մասնաճիւղի կազմակերպած նորաձեւութեան ցուցադրութեան ձեռնարկները, նրբաճաշակ մեր տիկինները գոհացնելուն եւ անոնց ուրախ ու հաճելի ժամանց տրամադրելուն առընթեր, իրենց եկամուտներով մեծապէս կը նպաստեն ՀՕՄի բարեսիրական նպատակներու իրագործման: Օրինակ, անցեալ տարի այս ձեռնարկէն գոյացած եկամուտը տրամադրուեցաւ հայրենի սահմանապահ մեր քաջարի զինուորներուն առողջապահական պիտոյքներ հայթայթելու, ինչպէս նաեւ նիւթական օժանդակութիւն փոխանցելու մեր զոհուած հերոսներու ընտանիքներուն: Հայրենի բանաւոր եւ գրաւոր մամուլը օրին լայնօրէն արձագանգեց ազգանուէր այս աշխատանքին:
ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի որոշումով, այս տարուան ձեռնարկի հասոյթը պիտի տրամադրուի հաշմանդամ զինուորներու յատուկ հիւանդանոցը համապատասխան մահճակալներով եւ բժշկական անհրաժեշտ սարքերով ապահովելուն, ինչպէս նաեւ՝ սահմանին վրայ ծառայող սպայի մը բնակարանի նորոգութեան: Ասկէ անկախ, մասնաճիւղը նաեւ նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ տեղական ընկերային եւ բարեսիրական տարբեր նպատակներու:
Բնակա՛ն է, որ մասնաճիւղի ժրաջան անդամներու զոհողութեան առընթեր, մասնաճիւղը նման ծրագիրներու յաջողութիւնը կը պարտի իր հովանաւորներուն, ինչի համար ալ վարչութիւնը իր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ անոնց, որոնք հաւատալով ՀՕՄի առաքելութեան ու հետապնդած նպատակներուն՝ միշտ նիւթապէս եւ բարոյապէս թիկունք կը կանգնին ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի ծրագիրներու յաջողութեանց: Այս տարուան հովանաւորներէն կ՛ար-ժէ յիշել յատկապէս Gaska Alliance Foundation-ը, Արա եւ Անօ Մանսուրեաններ ու ընտանիք, Վահէ եւ Էկլանդին Յովսէփեաններ ու ընտանիք, Ժանէթ Զաքարի, George Ignatius Foundation-ը, Անի Քէշիշեան-Սարգիսեան, Wells Fargo դրամատունը, Glendale Adventist հիւանդանոցնն ու Closet World-ը:
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութեան 2017-2018 աշխատանքային շրջանը եզրափակուեցաւ Մայրերու Օրուան նուիրուած ճաշկերոյթով, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 19 Մայիս 2018ին, Legacy Banquet Hall-ի շքեղ սրահին մէջ: Մեծ թիւով ՀՕՄի անդամներ եւ մայրեր փութացած էին սրահ, վայելելու յատկապէս իրե՛նց նուիրուած հայ մայրերու օրը:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով ներկաները ողջունեց ձեռնարկի պատասխանատու Քրիսթին Յովնանեան, որ նաեւ օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց: Ան մեծապէս արժեւորելով հայ մայրերը՝ ներկայացուց զանոնք իբրեւ «անզուգական արժէք, կեանքը խորհրդանշող եւ դաստիարակ, որոնք կը պատրաստեն մեր ապագայ ուսուցիչները, բժիշկները, նուիրեալ ազգայիններն ու երկրի ղեկավարները՝ փոխանցելով հայաշունչ ոգիով բոցավառ ջահը յաջորդ սերունդին»:
Ձեռնարկին հիւրաբար ներկայ գտնուեցաւ ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տիանա Յովսէփեան, որ սրտի իր խօսքը փոխանցելով՝ մեծապէս գնահատեց հայ մօր պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, որ օտար այս ափերուն արթուն պահակը կը հանդիսանայ հայ լեզուի ու մշակոյթի պահպանման, ինչպէս նաեւ՝ նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան: Ան նաեւ յատուկ գնահատանքով ընդգծեց ՀՕՄուհիներու նուիրեալ ծառայութիւնը իրենց համայնքներէն ներս եւ մանաւանդ՝ հայրենիքի բարօրութեան համար:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ մասնաճիւղի ատենապետ Ժարմէն Միրզախանեան, որ շնորհաւորելով ձեռնարկին յաջողութիւնը՝ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբին։
Ոգեւորիչ այս խօսքերուն յաջորդեց գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն յաջորդաբար իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերին սիրուած արուեստագէտներ Նունէ Աւետիսեան, Համազգայինի «Անի» պարախումբն ու երգիչ Արթիւր Յակոբեանը (Mister X): Ներկաները հաճոյքով եւ բարձր տրամադրութեամբ վայելեցին հրամցուած ճոխ յայտագիրը: