ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ «Ապրիլ» գրատան եւ Միասեռական հայերու ընկերակցութեան (GALAS) Հինգշաբթի, 28 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ «Այլութեան կեանք մը» խորագրուած բանախօսական երեկոն, որ նաեւ առիթ մը պիտի հանդիսանայ պաշտօնապէս նշելու «Ռոսլին» արուեստի ցուցադրասրահին մէջ 8 Յունիսին սկսած՝ «Հայերու տարբեր երեսները» ցուցահանդէսին փակումը:
Ցուցադրասրահին մէջ կայանալիք ձեռնարկին բանախօսն է դոկտ. Ռոզի Վարդիթեր Ա-րուշ, որ վկայուած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն՝ մասնագիտանալով միաժամանակ հայագիտութեան եւ ծինային ու սեռային ուսմանց մէջ։ Անոր աւարտաճառը նուիրուած էր Լոս Անճելըսի հայ միասեռականներուն վրայ համայնքին եւ ընտանիքին ունեցած դերակատարութեան։
Ձեռնարկին մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
«Ռոսլին» ցուցադրասրահին հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205)։ Անիկա բաց է Երկուշաբթիէն Շաբաթ, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 241-0611 թիւին կամ queerhyeart@gmail.com հասցէին:
Վարդիթեռ* 🙂