ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- 15 Յունիս 2018ի դրութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութենէն ծիրանի արտածումի ծաւալները 2017ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ աճած են շուրջ 570 անգամով: Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան բաժինէն հաստատած են, որ ընթացիկ տարուան առաջին հինգ ամիսներուն արտածուած է 14,752 թոն ծիրան՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 26 թոնին դիմաց:
Նոյն ժամանակահատուածին, Հայաստանէն արտածուած է 67,294 թոն թարմ պտուղ-բանջարեղէն՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 33,819 թոնին դիմաց:
Հայկական թարմ պտուղ-բանջարեղէնը գլխաւորաբար արտածուած է Ռուսիա: