ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Աշխատանքի թափը եւ ձեւը տարբեր մարդոց հայեացքով՝ տարբեր մօտեցում կ՛ենթադրէ: Ամէն մարդ վարժ չէ՛ տքնաջան աշխատանքի: Ուրիշներ գործի ծանրաբեռնուածութենէն հաճոյք կ՛առնեն: Յատկապէս այս մօտեցումը, աշխատանքի նկատմամբ, շատ տարօրինակ է: Վերջապէս մարդ արարածը երկաթեայ կամ այլ կարծր նիւթով ստեղծուած անշունչ գոյակ չէ, այլ՝ հողեղէն կառոյց, որուն մկանները եւ ընդհանրապէս մարմինը կը յոգնի եւ հանգիստի կարիք կը զգայ:
Գործ մը ստանձնելու պարագային մարդիկ ընդհանրապէս հաշուարկ կը կատարեն, տեսնելու համար, որ արդեօք կրնա՞ն իր աւարտին հասցընել զայն, կամ՝ ոչ: Եթէ իրենց կարողութենէն վեր է անիկա, ոմանք կը մերժեն, իսկ ուրիշներ յանդգնութիւնը կ՛ունենան վտանգելու իրենց անունը, վաստակը, վարկը եւ նոյնիսկ երբեմն կեանքը, փորձելու համար յաջողութեան հասնիլ տուեալ գործին մէջ: Ուրիշներ աւելի պահպանողական կ՛ըլլան նման կացութեանց դիմաց եւ իրենց «վերմակէն աւելի չեն երկարեր ոտքերը»: Ասիկա յատկապէս գործածական առած մըն է, նիւթական սեփական կարողութեան համեմատ գործերու մէջ մխրճուելու համար ըսուած, որովհետեւ շատեր սոյն խրատը առանց լսելու, կամ խուլ ձեւանալով անոր դիմաց, իրենց գլուխէն վեր պարտքերու մէջ կը խրուին, օժանդակութեան ողոգալից խօսքեր ուղղելով ծանօթին ու անծանօթին:
Քաջութիւն եւ յանդգնութիւն իրարմէ տարբեր գաղափարներ են: Ոմանք այս երկուքը նոյնացած կը տեսնեն: Սակայն, իրապէ՛ս կայ տարբերութիւն անոնց միջեւ: Քաջութիւնը՝ ինքնավստահութեան եւ համոզումի խնդիր է, իսկ յանդգնութեան մէջ կայ՝ փորձի առիթը, որ կրնայ տուեալ անձի կեանքին մէջ մեծ փոփոխութիւն յառաջ բերել: Քաջութիւնն ալ, սակայն, ունի «իր գործածութեան տեղը», այսինք, իրարմէ կը տարբերին պատերազմի դաշտին վրայ ցուցաբերուած քաջութիւնը ասպետի մը կողմէ, եւ՝ գործի ասպարէզին, կամ տան մէջ ցուցաբերուած քաջութիւնը գործընկերներուն, կամ՝ ընտանիքի անդամներուն վրայ գործադրուած:
Դարձեալ, քաջութիւնը, որ ոյժ կը ներկայացնէ ինքնըստինքեան, կարելի է գործածել բարի կամ չար նպատակներով: Գողն ալ քաջ կրնայ ըլլալ, իր ամբողջ ոյժը երբ կը դնէ կողոպուտի իր ծրագիրը իրագործելու ընթացքին: Կամ՝ մարդասպանը երբ իր շուրջը վտանգ զգայ, իր գերագոյն ճիգը ի գործ չի՞ դներ սպաննուելէ խուսափելու, եւ ընդհակառակը, զինք սպաննել ուզողները սպաննելու համար: Ուրեմն, գողին ցուցաբերած քաջութիւնը պէտք է զանազանել ասպետի մը ցուցաբերած քաջութենէն, որուն նպատակը շատ աւելի վեհ գաղափարներ կը հետապնդէ, ինչպէս՝ հայրենիքի ազատութիւնը, կամ պաշտպանութիւնը, իր ժողովուրդին բարօրութիւնը եւ ընդհանրապէս երկրին խաղաղութիւնը:
Գործ մը ստանձնելու քաջութիւնն ու յանդգնութիւնն ալ վերեւ նշուած օրինակին նման, ունի իր դրական եւ ժխտական մօտեցումները: Առանձինն պէտք է քննուի իւրաքանչիւր պարագայ, որ սոյն տողերուն կամ էջերուն մէջ պարփակուող նիւթ չէ բնականաբար: Իւրաքանչիւր անձի կեանքին մէջ պատահող անհաշիւ դէպքերու քննութիւնը կատարելը գերմարդկային կարողութիւն կ՛ենթադրէ, եւ ենթական ինք եւս կը ձախողի զայն կատարել, իր կեանքին մէջ պատահած դէպքերու ընդհանուր վիճակագրութիւնը ներկայացնելու համար: Ուրեմն, անձը ի՛նք պէտք է չափէ տուեալ աշխատանքի նախօրեակին իր ներքին զգացողութիւնը՝ զայն ստանձնելու յանդգնութեան ու քաջութեան սահմանները որոշելով:
Աշխատանքի ձեւի կամ ոճի մասին խօսած ատեն, ոմանք այնքան յստակ կ՛արտայայտեն իրենց տեսակէտը, ըսելով որ միաժամանակ երկու գործ չեն կրնար ստանձնել: Խնայելու համար ծուլութիւն բառը նման անձերու պարագային, պիտի գործածենք «տկար ուսերով անձեր» եզրը, չափաւոր կարողութիւն տեսնելով անոնց մէջ: Մարդը գէթ ազնուութիւն ունի յայտարարելու, որ չի՛ կրնար ծանր բեռ տանիլ: Բեռնակիր երբ կանչես տունդ տեղափոխելու ժամանակ, մարդը տան կահ-կարասիներուն կը նայի, յատկապէս ամէնէն ծանր առարկաներուն շուրջ կը դառնայ, զանոնք վերցնելու տեղերը եւ յարմարութիւնները կը զննէ, որպէսզի կարենայ պատասխան տալ, թէ կրնա՞յ զանոնք տեղափոխել, կամ՝ ոչ: Նոյնն է գործ մը ստանձնելու նախօրեակին երբ մարդ իր կարողութիւնը կշիռքի մէկ նժարին մէջ կը դնէ, միւսին մէջ ալ՝ առաջարկուած գործը:
Յանդգնութիւնը երբեմն մարդը կործանման կ՛առաջնորդէ: Ծերունի մը, տեսնելով նոր գործի սկսած իր թոռան խելացնոր յանդգնութիւնը, որ խենթաբար կը նետուէր գործի բոլոր առաջարկները ստանձնելու մրցահարթակ, խրատ կու տար անոր՝ ըսելով.
_ Տղա՛ս, ինչո՞ւ երկու գօտի կը կապես մէջքիդ: Այն գործը որ աւելի շահաբեր կը նկատես, անիկա կատարէ նախ եւ ապա միւսին անցիր:
Մարդկային անկուշտ աչքը, սակայն, չի՛ հանդուրժեր որ արտին մէջ հոսող ջուրը, ուրիշին առուին մէջ լեցուի:
Մարդոց ստանձնած պարտականութիւններն ալ կը նմանին նիւթական շահի համար ստանձնուած գործերուն: Որեւէ հիմնարկութեան մէջ ծառայող մարդիկ երբ ուզեն յաւելեալ աշխատանք կատարել կամ նոր պատասխանատուութիւններ ստանձնել, պէտք է իրենց ոյժը չափեն նախ, ու համոզում գոյացնեն այդ գործի յաջողութեան մասին: Եթէ չես կրնար, շատ պարզ բառերով արտայայտէ քու կարողութեանդ սահմանը: Այլապէս թէ՛ դուն եւ թէ ստանձնած գործդ խայտառակ պիտի ըլլաք:
Վերոյիշեալ փորձութեան մէջ կ՛իյնան մարդիկ՝ գնահատուելու տենչը իրենց սրտին: Աւելի՛ պատասխանատուութիւններ ստանձնեմ, որպէսզի աւելի բարձր դիրքերու հասնիմ եւ գնահատուիմ: Ահա միջին տրամաբանութեան տէր մարդոց աշխատելու մտայնութիւնը: Աշխատանքը միշտ իր արդիւնքով պէտք է չափել, եւ ո՛չ թէ գործի տեսակին շատութեամբ: Գործի տեսակները կրնան բազմազան ըլլալ, սակայն անոնցմէ որեւէ մէկը դրական արդիւնքի չի՛ հասնիր: Չենք ըսեր որ միայն մէկ գործ ստանձնէ մարդ, այլ՝ իր կարողութեան չափով ստանձնէ, նոյնիսկ մէկէ աւելի գործեր…։
Ցաւով նշմարելի է, որ մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնած մարդիկ վերեւը յիշուած բեռնակիրին չափ ալ տրամաբանութիւն չունին, իրենց կարողութեան համապատասխան ծանրութիւն վերցնելու: Անշուշտ ինքնահաւանութիւնը եւ գնահատուելու մոլուցքը կուրցուցած կ՛ըլլայ նման մարդոց հոգեկան աչքերը: Անոնք այլեւս իրենց տկար կողմերը չեն տեսներ: Պատմութեան մէջ յիշուած դիւցազներուն հետ անգամ կը համեմատեն անոնք իրենց անձը, կարծելով, որ իրենց ճօճած սուրը իսկապէս «թուր կեծակին»ն է կամ իր քաջութեամբ հանրածանօթ Նազարին սուրը, որ մէկ զարկով կը «ջարդէ հազար»:
Մէկ գօտի կապող եւ աշխատող մարդու հետ գործելը իսկապէս հաճելի է եւ օրինակելի դասեր ունի, համայն մարդկութեան համար, որովհետեւ գործին տէր եղող եւ ճիշդ ժամանակին զայն յանձնող մարդու տեսակն է ասիկա:
«Գօտի կապել» եզրը նաեւ կը գործածուի պատերազմի երթալու նախապատրաստութեան փոխարէն: Այո՛: Ինչու կեանքը պատերազմ չէ՞, որուն մասին կը պատմեն մեծերը, կը խօսին երիտասարդները, եւ որու դաշտը մտնելու կը պատրաստուին փոքրերը: Եթէ այդպիսին է կեանքը, ուրեմն քանի՞ գօտիի պէտք ունիս մտնելու համար ռազմադաշտ: Մի մոռնար, որ քանի մը հատ ունենալը կրնայ ծանրացնել մարմինդ եւ ի սկզբանէ պատճառ դառնալ պարտութեանդ…։ Երկու գօտի կապելու կարիք չունիս այս կեանքին հետ կռուելու համար: