ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Մոսկուա 22 Յունիսին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու անոր դաշնակիցները կեղծ փաստեր ներկայացուցած են, որպէսզի Սուրիոյ կառավարական ուժերը մեղադրեն խաղաղ բնակիչներու դէմ քիմիական զէնք կիրառելու յանցանքով: Սուրիոյ պետական ուժերուն ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերող Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը շեշտեց, թէ 4 Ապրիլ 2017ին, Սուրիոյ Խան Շէյխուն քաղաքին մէջ ենթադրեալ քիմիական յարձակումը եղած է «շինծու» եւ կազմակերպուած է «Սպիտակ Սաղաւարտներ» մարդասիրական կազմակերպութեան եւ անոնց հովանաւորներուն կողմէ:
Արեւմտեան երկիրներն ու ՄԱԿի քիմիական զէնքի հարցերու բաժանմունքը Դամասկոսը պատասխանատու կը նկատեն նշեալ յարձակումին համար, որուն հետեւանքով զոհուած էին առնուազն 74 քաղաքացիներ: