ԱՄՄԱՆ, «Ռոյթըրզ».- 21 Յունիսին, Յորդանան այցելած Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ հանդիպումէն ետք, Ապտալլա Բ. թագաւորը շեշտը դրաւ պաղեստինեան հարցի լուծման կարեւորութեան վրայ՝ աւելցնելով, որ անոր համապարփակ լուծումը խաղաղութիւն պիտի բերէ շրջանին, եւ լուծումը պէտք է հիմնուի պաղեստինեան անկախ պետութեան մը հաստատման վրայ, որուն մայրաքաղաքը պէտք է ըլլայ Երուսաղէմը:
Թագաւորը նաեւ ընդգծեց սուրիական տագնապին արագ լուծում գտնելու կարեւորութիւնը՝ յիշեցնելով, որ Յորդանան եւ Գերմանիա անդամներ են այն սեղմ յանձնախումբին, որ կը փորձէ գտնել Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը: