ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ուեսթուուտի «Հեմըր» թանգարանին մէջ երկու տարին անգամ մը տեղի կ՛ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ գործող արուեստագէտներու նուիրուած ցուցահանդէս մը։
Այս տարուան ցուցահանդէսը տեղացիներուն աւելի մատչելի դարձնելու նպատակով, թանգարանը որոշած է իրականացնել այս ցուցահանդէսին եւ ընդհանրապէս արդի արուեստին մասին տարբեր լեզուներով ներկայացում-շրջագայութիւններ, որոնց մասնակցութիւնը ձրի պիտի ըլլայ։
Հայերէնով եւ անգլերէնով երկլեզու ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Յուլիս 21ին, կ.ե. ժամը 1էն սկսեալ՝ Իռեն Բեկթաշեանի ղեկավարութեամբ։ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կից գտնուող թանգարանին հասցէն է՝ 10899 Wilshire Blvd., Los Angeles, CA 90024։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել academicprograms@hamer.ucla.edu հասցէին, կամ այցելել https://hammer.ucla.edu կայքը։