ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Սուրիոյ պետական «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ սուրիական բանակը 12 Յուլիսին իր ամբողջական հակակշիռին տակ առած է հարաւային Տարաա քաղաքը, որ կը նկատուի Սուրիոյ իշխանութեանց դէմ աւելի քան 7 տարի առաջ սկսած ապստամբութեան ծննդավայրը։
Սուրիոյ կառավարութիւնը Տարաայի մէջ պայքար մղող զինեալ ընդդիմադիր խմբաւորումներուն հետ եկած է համաձայնութեան, որուն շնորհիւ վերջինները միջին եւ ծանր տարողութեամբ զէնքերը պիտի յանձնեն: Համաձայնութեան ծիրին մէջ, երկրէն դուրս գալ ցանկացող ահաբեկիչներուն առիթ պիտի տրուի հեռանալու։
Միւս կողմէ, նոյն լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակի օդային պաշտպանութեան համակարգերը 12 Յուլիսի կանուխ ժամերուն դէմ դրած են Քնէյթրայի Քըրս Նաֆըլ շրջանին վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն: Զինուորական աղբիւր մը գործակալութեան յայտնեց, որ իսրայէլեան ռազմական օդանաւեր շարք մը հրթիռներ արձակած են սուրիական բանակի դիրքերուն վրայ:
Իսրայէլեան բանակը հաստատեց, որ սուրիական զինուորական երեք դիրքերու դէմ յարձակում գործած է՝ աւելցնելով. «Յարձակումը տեղի ունեցաւ իբրեւ հակադարձութիւն սուրիական օդանաւի մը կողմէ իսրայէլեան օդային տարածքը ոտնահարելուն»:
Յայտնենք, որ մէկ օր առաջ իսրայէլեան բանակը «Փեթրիոթ» հրթիռ մը արձակելով՝ վար առած էր Սուրիայէն բռնագրաւուած Կոլանի ուղղութեամբ թռիչք կատարած անօդաչու թռչող սարք մը:
«Իսրայէլեան բանակը սուրիական վարչակարգը պատասխանատու կը նկատէ իր հողերուն վրայ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ զայն կը զգուշացնէ մեր ուժերուն դէմ գործելէ», ազդարարեց իսայէլեան բանակը: