ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Հայ որբերու օգնութեան ընկերակցութեան Մոնթրէալի մասնաճիւղին (The Society for Orphaned Armenian Relief – SOAR) կազմակերպութեամբ, 5 Յուլիսին, Մոնթրէալի Հայ աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան համերգ, որուն հասոյթը նպատակաուղղուած էր հայրենիքի մէջ ապրող ծնողազուրկ հայ երեխաներուն:
Համերգի պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած էին Հապիպ եւ Ֆիւլտա Մալոյեանները:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկերակցութեան Մոնթրէալի մասնաճիւղի նախագահ տոքթ. Սարգիս Երէցեան, որ յայտնեց, թէ անցնող հնգամեակին, Մոնթրէալի մէջ ընկերակցութիւնը Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, Վրաստանի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ որբերու օժանդակութեան համար դրամահաւաքներ կազմակերպած է: Ան ըսաւ նաեւ, որ ընկերակցութեան գլխաւոր նպատակն է օգնել որբերուն՝ իրենց ֆիզիքական, զգացական եւ մտային զարգացման ուղղութեամբ, որպէսզի անոնք ապագային դառնան ուսեալ եւ ինքնաբաւ անհատներ: Ընկերակցութիւնը Գիւմրիի մէջ ատամնաբուժական կեդրոն մը կահաւորած է արդիական գործիքներով, որմէ ձրիաբար կ՛օգտուին ոչ միայն որբերը, այլեւ Գիւմրիի բնակիչները։ Ընկերակցութիւնը սատարած է նաեւ Վարդաշէն գիւղի մարզասրահի նորոգութեան:
Համերգին ընթացքին ելոյթ ունեցան Մարինէ Գրիգորեան (սոփրանօ) եւ Էլի Պէրպէրեան (թենօր), որոնք կատարեցին Փուչինիի, Վերտիի, Կոմիտասի, Տիգրանեանի եւ այլ դասական յօրինողներու ստեղծագործութիւններ: Դաշնամուրով երգերուն ընկերակցեցաւ Կրեկորի Շահվէրտեան:
Նշենք, որ ընկերակցութիւնը այս տարի նիւթական յատուկ ծրագիրով օժանդակեց Արցախի Ապրիլեան պատերազմին նահատակուած հետախոյզ զինուորի երեք անչափահաս երեխաներուն եւ կողակիցին:
Հայ որբերու օգնութեան ընկերակցութիւնը աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ունի մասնաճիւղեր, որոնց գործունէութեան ծիրը կ՛ընդգրկէ ծնողազուրկ հայ երեխաներու նիւթական օժանդակութիւնը եւ յատուկ ուսումնական ծրագիրներ:
Նուիրահաւաքէն գոյացած առաւել քան 30 հազար տոլարը պիտի օգտագործուի Գիւմրիի եւ Շիրակի մարզի այլ բնակավայրերու համար նախատեսուած շարժուն բուժարանի մը գնման: