ՀՄԸՄի 100ամեակի տօնակատարութիւններու սեմին, Երկուշաբթի, 16 Յուլիսի կէսօրին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն հրաւիրուեցան հայրենի լրատուամիջոցները՝ գալիք օրերու ձեռնարկներուն մասին ընդհանուր գաղափար մը կազմելու եւ հանրութիւնը ըստ արժանւոյն լուսաբանելու համար։
Ասուլիսին ներկայ գտնուեցան սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Նունէ Այլանճեան, նախարարութեան բաժիններու պատասխանատուներ, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վաչէ Նաճարեան եւ Մոսիկ Թոփուզեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան, ՀՄԸՄի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան եւ համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Թալին Օրտողլեան։
Ասուլիսին բացումը կատարեց սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Նունէ Այլանճեան։ Ան նշեց, որ հանդիպումին նպատակը ՀՄԸՄի 100ամեակին եւ համա-ՀՄԸՄական բանակումին մասին տեղեկութիւններ փոխանցել է։ Ան յաջողութիւն մաղթեց ՀՄԸՄի ընտանիքին եւ հրաւիրեց Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Գառնիկ Մկրտիչեանը, Վաչէ Նաճարեանը եւ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Թալին Օրտողլեանը՝ փոխանցելու իրենց խօսքը։
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի պետութեան եւ յատկապէս սփիւռքի նախարարութեան, որոնք անցնող մէկուկէս տարուան ընթացքին մասնակից դարձան 100ամեակի ձեռնարկներու նախապատրաստութեան եւ ամէն դիւրութիւն եւ յարմարութիւն ընծայեցին ձեռնարկներու յաջողութեան՝ յատուկ գերատեսչութեան ճամբով թէ զանազան նախարարութիւններու կապուած աշխատանքներու համադրումով եւ հետապնդումով։
Այնուհետեւ, Գառնիկ Մկրտիչեան ներկայացուց 100ամեակի ձեռնարկները, անոնց մասնակիցներն ու պատասխանատուները։ Ան հաստատեց, որ 100ամեակի բանակումին եւ ձեռնարկներուն կը մասնակցին 26 երկիրներէ աւելի քան 1200 սկաուտներ, 200 նախկին խմբապետներ, բազմահարիւր ծնողներ, համակիրներ, հրաւիրեալներ եւ հիւրեր։ Մկրտիչեան նշեց նաեւ, որ 100ամեակի հանդիսաւոր տողանցքը պիտի կատարուի Շաբաթ, 21 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 6ին, Ազատութեան հրապարակէն Հանրապետութեան հրապարակ կատարուելիք շքերթով, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն համաՀՄԸՄական 11րդ բանակումին մասնակիցները, աշխարհի չորս ծագերէն եկած ՀՄԸՄական նախկին խմբապետներ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի սկաուտներ։
Մամլոյ ասուլիսին յաջորդ խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ սկաուտականի պատասխանատու Վաչէ Նաճարեան։ Ան խօսեցաւ համաՀՄԸՄական բանակումներու պատմութեան մասին եւ ըսաւ, որ միութեան համագաղութային կառոյցի ստեղծումէն ետք, այս բանակումը տասնմէկերորդն է իր տեսակին մէջ, նաեւ՝ եօթներորդը որ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ։ Բանակումը կազմակերպուած է ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ եւ աշխատանքներուն ընդհանուր ծրագրումը վստահուած է Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական մարմինի անդամներուն՝ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Օշին Փիրումեանին, Վաչէ Նաճարեանին եւ Բագրատ Եսայեանին։ ՀամաՀՄԸՄական բանակումներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ բանակումի ընդհանուր խմբապետ նշանակուած է իգական սեռի ներկայացուցիչ մը՝ Թալին Օրտողլեան, Լիբանանէն։ Անոր կողքին կը գործեն երկու փոխխմբապետներ եւ 12 հոգինոց գործադիր խմբապետական կազմ մը, որուն անդամները կու գան միութեան աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերէն։
Խօսք առաւ նաեւ համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումի խմբապետ Թալին Օրտողլեան։ Ան ըսաւ, որ Հինգշաբթի, 19 Յուլիսին ընթացք առնելիք բանակումը աննախընթաց է մասնակիցներու իր թիւով՝ աւելի քան 1100 բանակողներով։ Նախապէս, բանակումներու մասնակիցներու թիւերը չեն հասած 800ի, սակայն այս մէկը բացառութիւն է՝ նուիրուած ըլլալով միութեան 100ամեակին։ Բանակումը ունի չորս տեսակի աշխատանքներ՝ սկաուտական, ազգային, հայրենաճանաչութեան եւ 100ամեակի ձեռնարկներու մասնակցութեան։ Առաջին անգամ ըլլալով, բանակումի հանդիսաւոր տողանցքին եւ բազմամշակութային օրուան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ՀՄԸՄական նախկին խմբապետներ, որոնք այս առիթով կը ժամանեն Հայաստան։
Օրտողլեան յայտնեց, որ բանակումի յայտագիրը կ՛ընդգրկէ սկաուտական յայտագիրներ, Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրեր այցելութիւններ, Արագած լերան նուաճում, հայկական խաչքարագործութեան եւ պարի ծանօթացում, բազմամշութակային օրուան կազմակերպում, ռալի արշաւ, զարգացման մրցում եւ այլն։
Մամլոյ ասուլիսի աւարտին, ներկայ թղթակիցները ՀՄԸՄի ներկայացուցիչներուն հարցուցին շարք մը հարցումներ, որոնք կը վերաբերէին միութեան 100 տարուան առաքելութեան, սկաուտական գործունէութեան եւ հայապահպանման աշխատանքներուն։