ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, 26 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, հեղինակ եւ «Ֆայվ Ֆինկըրզ» նուագախումբի անդամներէն Պօղոս Շահմելիքեան պիտի ներկայացնէ Սփիւռքի մէջ հայկական ժողովրդային երգերու ծնունդին նուիրուած իր՝ «Յիշատակներ… Անցած Օրեր» հատորին անգլերէնի թարգմանուած օրինակը՝ «Dawn of Diaspora Armenian Pop Music»։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA 91205), իսկ հեղինակը պիտի ներկայացնէ Յարութ Առաքելեան։
Հայերէն հատորին նուիրուած իր գրախօսականին մէջ Ս. Մահսէրէճեան «Ասպարէզ»ի Դեկտեմբեր 4, 2012ի թիւին մէջ գրած էր. «Հատորին խորագիրը կը թելադրէ, որ Պ. Շահմելիքեան իր անձնական յուշերը տեղադրած է այս հատորին մէջ. այդպէս է, սակայն յուշերը շատ աւելին են, քան անձնական յիշատակներ, որովետեւ եթէ հատորին առաջին բաժինին մէջ կը պատմուի թէ հեղինակը ինչպէ՛ս որդեգրած է թաւ (bass) կիթառը եւ մուտք գործած նուագախումբերու աշխարհը, այս ու յաջորդ բաժինները ունին անձնականէ շատ անդին գացող տարածք: Հատորին խմբագիրը՝ Վաչէ Բրուտեան, արդարօրէն կ՛արձանագրէ, թէ հատորը ունի հանրագիտարանային արժէք, ահագին հում նիւթ կը տրամադէ այս կալուածը ուսումնասիրողին. կ՛ուզենք աւելցնել, որ անիկա ունի նաեւ «Ո՞վ է Ան» (Who՛s Who) տիպի հրատարակութիւններու տարողութիւն, որովհետեւ ընթերցողը հոն պիտի գտնէ Լիբանանի ու անկէ տարածուած ճառագայթները գրաւող բեմերուն վրայ գործած գրեթէ բոլոր խումբերուն, երգահաններուն, երգիչներուն, տարբեր գործիքներ նուագողներուն հակիրճ պատմութիւնը. հեղինակը կը նշէ, թէ իր կարկինը կը տարածուի 60ականէն 80ական տարիները. խորքին մէջ, անիկա կը տարածուի մինչեւ մեր օրերը, որովհետեւ ան չի զլանար տեղեկագրել, թէ իր ու այլ նուագախումբերու անդամակցած արուեստագէտներուն մէկ մասը ո՞ւր է եւ ի՞նչ կ՛ընէ այսօր»։
Ձեռնարկին մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Յաւելալ տեղեկութեանց համար դիմել՝ (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։