ՔԻԵՒ, «Սթրանա».- Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնները Ուքրանիոյ տարածքէն առեւանգած են թուրք գործարար մը եւ այլախոհ լրագրող մը, ապա՝ զանոնք տեղափոխած Թուրքիա:
Թուրք գործարարը՝ Սալիհ Զեքի Եղիթ, առեւանգուած է Օտեսայէն, իսկ լրագրողը՝ Եուսուֆ Ինան՝ Նիքոլայեւէն: Եղիթ նախ տարուած է Օտեսայի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարան, ուրկէ տեղափոխուած է Անգարա:
Թրքական «Տիքեն» թերթը կը նշէ, որ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը անցեալ շաբաթ նման գործողութիւն մը կատարած էր նաեւ Ատրպէյճանի տարածքին։
Առեւանգուածները Թուրքիոյ կողմէ կը հալածուին «ահաբեկչական» խմբաւորումներու աջակ-ցելու եւ հակապետական քարոզչութիւն կատարելու յանցանքներով:
Յատկանշական է այն, որ նշեալ երկուքը Թուրքիա արտաքսելու գծով որեւէ դատական որոշում չէր տրուած Ուքրանիոյ մէջ: Աւելի՛ն, Թուրքիոյ նախագահի բանբերը, ըստ ուքրանաբնակ թուրք լրագրող Եունուս Էրտօղլուի, շնորհակալութիւն յայտնած է Ուքրանիոյ իշխանութիւններուն՝ առեւանգումներուն ընթացքին թուրքերուն աջակցելնուն համար:
«Ինչպէ՞ս կրնաք վստահիլ անոնց, որոնք կը համագործակցին էրտողանական յատուկ ծառայութիւններուն հետ», աւելցուցած է Էրտօղլու: Ան նաեւ յայտնած է, թէ կան Ուքրանիա բնակող այլ անձեր, որոնք եւս կը գտնուին թուրք գործակալներու կողմէ առեւանգուելու թիրախ համարուողներու ցանկին վրայ: