ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի (Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութիւն) Բիւրականի բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած յուշաքանդակի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Նշենք, որ 19էն 29 Յուլիս, Հայաստանի մէջ մեծ շուքով պիտի նշուի ՀՄԸՄի մէկդարեայ յոբելեանը:
Այդ ձեռնարկներուն մասնակցելու համար հայրենիք ժամանած են 3000 ՀՄԸՄականներ: Պատմական բանակումին կը մասնակցին աշխարհի զանազան երկիրներէ ժամանած 1200 սկաուտներ:
Յուշաքանդակը, որուն վրայ արձանագրուած է ՀՄԸՄի 110 մասնաճիւղերու անունները, Տէր Զօրի մէջ զետեղուած եւ Սուրիոյ տարածքին ահաբեկչական գործողութիւններուն ընթացքին քանդուած յուշակոթողի կրկնօրինակն է: Քանդակի մեկենասներն են տէր եւ տիկին Րաֆֆի Գրաճեաններ:
Յուշաքանդակի բացման արարողութեան ներկայ էին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, Արագածոտնի մարզպետ Աշոտ Սիմոնեան, Կոտայքի մարզպետ Ռոմանոս Պետրոսեան, նախկին ՀՄԸՄականներ եւ հիւրեր:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարարը, որ ընդգծեց ՀՄԸՄի կարեւոր դերը հայ հասարակութեան կեանքին մէջ՝ նշելով, որ այս օրը հպարտանալու մեծ առիթ կու տայ:
Նախարարը նաեւ յայտնեց, թէ կը յուսայ, որ յառաջիկայ տարիներուն Համա-ՀՄԸՄական բանակումին մասնակիցներու թիւը կրկնապատկուի:
«Սփիւռքի նախարարութիւնը մշտապէս լինելու է ՀՄԸՄի կողքին կանգնած, քանի որ դուք մեզ համար հպարտութիւն էք», նշեց Հայրապետեան:
Ելոյթներէն ետք կատարուեցաւ յուշաքարին բացումը: