ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Երեւան» հիմնադրամի ստուգումները կը հասնին աւարտական փուլին: Կառավարութեան շէնքին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Արթուր Վանեցեան ընդգծեց, որ ուսումնասիրուող նիւթի ծաւալները շատ մեծ էին:
Խօսելով Երեւանի նախկին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը ԱԱԾ կանչելու մասին՝ Վանեցեան ըսաւ. «Տարօն Մարգարեանն այս փուլում դեռեւս չի հրաւիրուել ԱԱԾ քննչական վարչութիւն, բայց կը հրաւիրուի՝ առաջիկայում»:
ԱԱԾ պետը ընդգծեց, որ Տարօն Մարգարեանի անունին արձանագրուած ձեռնարկութիւններ չեն յայտնաբերուած:
Նշենք, որ 13 Յունիսին յայտնի դարձած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տեղեկութիւն ստացած է քաղաքացիներ Վ.Գ.էն եւ Ա.Խ.էն այն մասին, որ Երեւանի քաղաքապետարանի պաշտօնատար անձեր, կառուցապատման եւ գոյքի ձեւակերպման համապատասխան թոյլտուութիւններ տրամադրելու դիմաց, բացի օրէնքով սահմանուած վճարումներէն, իրենց պարտադրած են «Երեւան» հիմնադրամին փոխանցել մեծ գումարներ: Նիւթերու նախապատրաստման ընթացքին պարզուած է, որ վերոնշեալ պատրուակով առձեռն ստացուած գումարներուն մէկ մասը հիմնադրամի հաշուեհամար չէ մուտքագրուած եւ յափշտակուած է: Յանցագործութեան մասին հաղորդումներու հիման վրայ՝ ԱԱԾն յարուցած է քրէական գործ: Երեւանի քաղաքապետարանի վարչական շէնքին մէջ տեղակայուած «Երեւան» հիմնադրամի աշխատասենեակներուն մէջ քրէական գործով կատարուած են խուզարկութիւններ: Կ՛իրականացուին լայնածաւալ հետախուզական միջոցառումներ եւ քննչական գործողութիւններ՝ քաղաքացիներէն գումարներու հաւաքագրման հանգամանքները, ծախսերու ուղղութիւնները եւ նպատակայնութիւնը, ինչպէս նաեւ օրինականութիւնը պարզելու ուղղութեամբ:
Նշենք, որ ձերբակալուած է արդէն «Երեւան» հիմնադրամի տնօրէն Աշոտ Ղազարեան: