«ՀՄԸՄի Մէջ Ի՛նչ Դիրքի Վրայ Ալ Ըլլայ Միութենականը, Պէտք Չէ Մոռնայ Համեստութիւնը Եւ Միութեան Մէջ Ստացած Դաստիարակութիւնը Կեանքին Մէջ Գործնականացնելը»
Վարեց՝ ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ
Խմբագրեց՝ Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
19-29 Յուլիսին Հայաստանի հարազատ հողին վրայ պիտի համախմբուին մեծաթիւ ՀՄԸՄականներ, ինչպէս նաեւ՝ համակիրներ, որպէսզի պաշտօնապէս եւ մեծ շուքով նշեն միութեան մէկ դար ամբողջացնելը: Այդ թուականներուն Երեւանի, Բիւրականի, Գիւմրիի եւ հայրենիքի տարբեր շրջաններուն մէջ պիտի լսուին սկաուտներուն կանչերը, հայրենի հողը պիտի թնդայ ու ամրանայ անոնց խորհրդաւոր տողանցքով, օփերայի դահլիճը պիտի ապրի մէկ դար ամբողջ Ափիւռքի մէջ հայրենիքի երազով ապրած ու սերունդներ ապրեցուցած միութեան 100ամեակի տօնակատարութեան կարեւորութիւնը: Հայրենիքի մէջ ապրող ժողովուրդը եւս առիթ պիտի ունենայ անգամ մը եւս ականատես ըլլալու Սփիւռքի դժուար ու տարբեր պայմաններու մէջ հայութիւնը ապրեցուցած այս միութեան հզօրութեան:
ՀՄԸՄի 100ամեակին խորհուրդին թափանցելու եւ այս առիթով կազմակերպուած տարբեր բնոյթի ու տարողութեան նախաձեռնութիւններուն ծանօթանալու նպատակով «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանն ու «Ազդակ» օրաթերթը միացեալ հարցազրոյց մը ունեցան ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի հետ:
Ամբողջ դար մը հաստատակամ կերպով ու իր նպատակներէն առանց շեղելու ՀՄԸՄի գոյատեւման գաղտնիքին մասին խօսելով՝ Գառնիկ Մկրտիչեան ըսաւ. «100 տարի ապրած եւ իր երթը շարունակելու յանձնառու այս միութեան գաղտնիքը այն է, որ ՀՄԸՄին անդամակցողը չի կրնար բաժնուիլ անկէ: Մարդիկ կրնան նեղանալ, հեռանալ, սակայն չեն կրնար լրիւ անջատուիլ, այլ կը վերադառնան աւելի ուժեղ՝ միշտ նպատակ ունենալով աւելին տալ այս միութեան զօրացման եւ գոյատեւման ի խնդիր: Հարիւրամեայ միութիւնը տակաւին երիտասարդ է, որովհետեւ անոր կ՛անդամակցին 3 տարեկանէն մինչեւ 93 կամ 103 տարեկան անհատներ, որոնք միութեան մէջ երիտասարդ կը զգան եւ կենսատու կը պահեն միութիւնը: Այսպիսով, ՀՄԸՄը մնայուն կերպով կը նորոգուի, կը նմանի այն հաստատութեան, որ միշտ ինքզինք նորոգած է: Այսինքն, եթէ ժամանակի ընթացքին մեր տարեց եղբայրները հետզհետէ դադրին գործօն ըլլալէ, անոնց տեղ կու գան նոր անդամներ՝ բերելով նոր աւիշ, նոր մթնոլորտ:
«Մեզի համար ՀՄԸՄը այն կազմակերպութիւնն է նաեւ, ուր չկան մեծ ու փոքր, բայց կայ նուիրապետական կարգ, կայ այն համոզումը, ուր փոքրը ենթարկուի մեծին, հրահանգ ստանայ եւ գործադրութեան անցնի այնպէս, ինչպէս կը պահանջուի իրմէ: Ասիկա եթէ օր մը սկսի փոխուելու, այն ատեն մեր միութիւնը իր սկզբունքներէն շատ բան կրնայ կորսնցնել»:
Հակառակ պայմաններու փոփոխութեան եւ ժամանակի թաւալումին, տակաւին հզօր եւ կանգուն մնացած ՀՄԸՄին եւ կամաւորաբար գործող ու գործած միութենականներուն մասին խօսելով՝ Գ. Մկրտիչեան յայտնեց. «Մեր զօրութիւնը հոն է, ուր կը գործադրուի այն, ինչը իրմէ կը պահանջուի, եւ ոեւէ անհատ ինքզինք միութենէն վեր չի տեսներ: Կը պատահին հարցեր, մանաւանդ կարգ մը շրջաններու մէջ վերջերս պատահեցան ՀՄԸՄի անյարիր երեւոյթներ, որոնք միութեան հաշուոյն սխալ մեկնաբանութիւններու դուռ բացին, սակայն միութիւնը կրցաւ այդ բոլորը յաղթահարել. անցողակի բաներ են ասոնք, որոնք կը մարին, եւ մենք կը շարունակենք մեր սկզբունքային ուղին»:
Իր ստեղծման օրէն իբրեւ կամաւոր բանակ գործած միութիւնը նոյն ուղիով եւ թափով կը շարունակէ իր երթը, հակառակ անոր որ ամէն ինչ նիւթականացած է մերօրեայ կեանքին մէջ: Ամէնէն փոքր մոկլիէն մինչեւ շրջանային եւ կեդրոնական վարչութիւններու անդամներ այս աշխատանքը կը տանին կամաւորաբար: Ի՞նչ խորհուրդ ունի ասիկա:
«Եթէ ՀՄԸՄի ծննդոցին թափանցենք, պիտի տեսնենք, որ ՀՄԸՄի հիմնական առաքելութիւնը եղած է որբախնամ աշխատանքը, այդ պատճառով է, որ միութենականներ իրարու կը դիմեն իբրեւ քոյր-եղբայր, որովհետեւ ընտանիքի հասկացողութեամբ մեծցած ենք եւ կը համախմբուինք: Որբախնամութիւն ընել՝ կը նշանակէ տիրութիւն ընել, մայր, հայր, քոյր ու եղբայր դառնալ: Երբ կայ այդ զգացումը, եւ երբ այդ գայլիկը, կակուղ թաթիկը կու գայ, խմբապետներուն գուրգուրանքը կը զգայ եւ կ՛ապրի, այլեւս ՀՄԸՄը ընտանիքի նման կամ երբեմն քիչ մըն ալ աւելին կ՛ըլլայ:
Կամաւոր բանակը կարելի չէ անջատել, որովհետեւ բոլորիս երազն էր ունենալ հայկական հզօր բանակ, այսօր ատիկա իրականութիւն է, մենք հպարտ ենք, որ ՀՄԸՄի տեսլականը իրականութիւն դարձած է, սակայն սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ կամաւոր բանակը միշտ ալ պատրաստ պահելու առաքելութիւն ունինք, կը հաւատամ, որ պիտի կարենանք այդ տեսլականով ալ շարունակել մեր երթը», հաստատեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իր գոյութեան բաւական երկար ժամանակաշրջանին Արարատն ու Հայաստանը իր մէջ պահած եւ միութենականներուն հոգիներուն մէջ սէր սերմանած միութեան 100ամեակին առիթով մեծաթիւ միութենականներով Հայաստանի մէջ, Արարատը իրենց դիմաց, իսկ հայրենի հարազատ հողը իրենց ոտքերուն տակ ունենալը ի՞նչ կարեւորութիւն ունի՝ Գառնիկ Մկրտիչեան ըսաւ. «Անկեղծօրէն, Հայաստանը միշտ ալ երազային եղած է: 2000 թուականներու սկիզբը, Հայաստանի մէջ կազմակերպուած բանակումին մեր սկաուտներուն ուղղելով խօսքս՝ ըսի. «Դուք իրապէս բախտաւոր սերունդ էք, որ այսօր կանգնած էք մեր իսկական եւ սեփական հողին վրայ, ձեր կռնակը տուած էք Արագած լերան, Բիւրականի լանջին, իսկ ձեր դիմաց կ՛երեւի Արարատը: Սփիւռքի տարածքին այս բոլորը մենք կատարեցինք խաւաքարտով, կեղծ, վերացական, այսօր դուք բախտաւոր սերունդ էք, որ այս բոլորը շօշափելի կերպով ունիք»: Այսօրուան սերունդն ալ, որ պիտի գայ Համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումին մասնակցելու, այդ ալ բախտաւոր է, բոլորիս համար ալ ասիկա բախտաւորութիւն է, որ մեր միութեան դարադարձը կը տօնենք մեր հայրենի հողին վրայ: Ըսեմ, որ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը բոլոր դժուարութիւնները աչք առած, մնայուն կերպով, կրնկակոխ հետապնդեց այս ձեռնարկները Հայաստանի մէջ կատարելու նպատակը: Շատ դիւրին էր Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու կամ այլ երկրի մէջ կատարելը, սակայն Հայաստանի մէջ այս ձեռնարկները կազմակերպելը տարբեր նպատակ կը հետապնդէր՝ Հայաստանի երազով ապրած, անոր սէրը քարոզած այս միութեան 100ամեակը նշել Հայաստանի մէջ՝ հայրենի պետական աւագանիին եւ զոյգ կաթողիկոսներուն ներկայութեան»:
Խօսելով ՀՄԸՄի աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքին եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւններուն անոնց մասնակցութեան մասին՝ ան ըսաւ. «ՀՄԸՄը 26 երկիրներու մէջ ունի 28 շրջաններ, որոնք բաժնուած են 110 մասնաճիւղերու, 28 հազար անդամով: Իւրաքանչիւր շրջան գէթ երկու հոգիով պէտք է ներկայացնէ իր շրջանը, որպէսզի մեր 110 մասնաճիւղերը մասնակից ըլլան ՀՄԸՄի 100ամեակի տարբեր ձեռնարկներուն, որոնց բնականաբար կրնան մասնակցիլ այլ միութենականներ: 1200 սկաուտներ պիտի մասնակցին Համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումին»:
Գառնիկ Մկրտիչեան հաստատեց, որ նախապատրաստական աշխատանքները աւելի քան տարի մը առաջ սկսած են, սակայն նկատի ունենալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած զարգացումները՝ որոշ փուլի համար ստեղծուած է սպասողական վիճակ, որովհետեւ այդ իրադարձութիւններուն լոյսին տակ ալ նախապէս ճշդուած ծրագիրներուն համար պէտք էր համադրում կատարել նոր վարչակազմին հետ: «Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ մեր ունեցած առաջին հանդիպումին անոր ուղղեցինք երկու հարցում. առաջին՝ ձեռնարկները իրագործե՞նք՝ խնդրելով, որ պատասխանը ինք տայ, իսկ երկրորդ՝ այս ձեռնարկներուն պիտի նախագահէ՞ք, թէ ոչ: Ինք շատ արագ երկուքին ալ «այո՛» ըսաւ, ինչ որ շատ հաճելի եւ գոհունակութիւն պատճառող էր մեզի՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուս համար»: Ասկէ ետք է, որ կրկին ընթացք առած են աշխատանքները, ծագած են դժուարութիւններ, յատկապէս՝ տարբեր երկիրներէ նախաձեռնութիւններուն մասնակցիլ ուզողներուն թիւին առումով, նաեւ՝ նուիրատուներու, բարեկամներու, շրջանակի: «Սակայն Հայաստանի մէջ այս ձեռնարկները ընելը յատուկ խորհուրդ ունի, ուստի դժուարութիւնները յանձն առաւ Կեդրոնական վարչութիւնս: Մէկ տարի, 8 ամիս աշխատեցանք տուեալ անձնաւորութիւններուն հետ, եւ յանկարծ փուլ եկաւ այդ բոլորը, այդ մարդիկը չկային, սակայն երբ նոր վարչապետին հետ տեսակցութիւն ունեցանք, ան լայն բացաւ դռները մեր դիմաց եւ հաստատեց նախկին կառավարութեան որոշումը լիուլի գործադրելու պատրաստակամութիւնը: Մենք գործ ունինք 11 նախարարութիւններու հետ, դէմքերը փոխուած են, սակայն «ՀՄԸՄի համար բոլոր դռները բաց են», հաստատեց Նիկոլ Փաշինեան: Իրապէս ալ վերջին մէկ, մէկուկէս ամսուան ընթացքին գործնականօրէն այդպէս ըլլալը փաստուեցաւ, սփիւռքի նախարարը հրաւիրեց պետական յանձնաժողովի նիստի, որուն ներկայ եղան բոլոր նախարարութիւնները՝ արտաքին, ներքին, պաշտպանութեան, մշակոյթի, ինչպէս նաեւ՝ քաղաքապետութիւն եւ այլ կառոյցներ, որոնք ուղղակիօրէն կապ ունին 100ամեակի ձեռնարկներու իրականացման հետ», դիտել տուաւ Գառնիկ Մկրտիչեան:
Մանրամասնելով այս առիթով կազմակերպուած նախաձեռնութիւնները՝ ան նշեց, որ պիտի կատարուի Արարատեան կարգը՝ խմբապետական բաւական լաւ կազմով եւ իր օժանդակ մարմինով:
«19 Յուլիսին Բիւրականի մեր բանակավայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ բանակումին պաշտօնական բացումը՝ զուտ սկաուտական, ոչ-ժողովրդային մակարդակով, բայց կէսօրէն ետք ժամը 5ին մեր բանակավայրին մէջ կ՛ունենանք բացումը այն յուշակոթողին, որուն կրկնօրինակը զետեղուած էր Տէր Զօրի մեր յուշահամալիրին մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակին առիթով: Տեղեակ չենք, թէ այդ կոթողին ճակատագիրը ի՛նչ եղած է Տէր Զօրի մէջ, սակայն անոր կից կանգնած պատը քանդուած է, ուստի անիկա եւս քանդուած պէտք է ըլլայ, ենթադրաբար: Կեդրոնական վարչութեանս որոշումն էր նոյն քանդակը վերականգնել այս անգամ Հայաստանի մէջ եւ մեր սեփական հողին վրայ: Այս կոթողը նուիրուած է ՀՄԸՄի 100ամեակին եւ անոր վրայ փորագրուած են մեր 110 մասնաճիւղերուն անունները: Ասիկա պատմութեան համար մեծ արժէք կը դառնայ, օր մը երբ մարդիկ այցելեն, պիտի տեսնեն, որ 2018 թուականին ՀՄԸՄի տղաքը Արագածի լանջին նման յուշակոթող մը զետեղած են: Խորքին մէջ ասիկա սփիւռքեան պայմաններուն մէջ ստեղծուած յուշաքանդակ է եւ Սփիւռքի արտացոլացումն է», ըսաւ Գ. Մկրտիչեան՝ աւելցնելով, որ այս բացումին պիտի մասնակցին հիւրեր, Սփիւռքէն եկած անձնաւորութիւններ եւ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին ներկայ ըլլալ:
«20 Յուլիսին կը մեկնինք Ծիծեռնակաբերդ, ուր պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի ՀՄԸՄի 100ամեակի ձեռնարկներուն: Դրօշակի արարողութենէն ետք եղեւիններու պարտէզին մէջ կը ցանենք 100ամեակին նուիրուած եղեւին մը, որուն տակ պիտի դրուին այն սափորները, որոնք կը պարունակեն ՀՄԸՄի հիմնադիրներէն, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ ըլլալով անշիրիմ մնացած Շաւարշ Քրիսեանի շիրիմին փոխարէն, Անթիլիասի մայրավանքի Նահատակաց մատուռին առնուեցաւ ափ մը հողը, Փարիզի մէջ միութեան հիմնադիր անդամներէն, ՀՄԸՄի սկաուտապետ Գրիգոր Յակոբեանի շիրիմէն, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ մէջ ՀՄԸՄի հիմնադիր երրորդութենէն Յովհաննէս Հինդլեանի շիրիմէն առնուած հող:
Անկէ ետք պաշտօնական արարողութեամբ կ՛ուղղուին դէպի անմար կրակ, ուր կը միանան վերոյիշեալ երեք վայրերէն բոցավառած ջահերը, տեղի կ՛ունենայ հոգեհանգիստ՝ բոլոր ՀՄԸՄականներուն, ինչպէս նաեւ՝ Ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակներուն, որոնց հիմնական մէկուկէս միլիոնին մէջ կարելի է դասել միութեան հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանը: Անմար կրակին շուրջ այդ արարողութիւնը կատարելէ ետք արդէն մեկնարկը տրուած կ՛ըլլայ 100ամեակի նախաձեռնութիւններուն: Հոն բարձրացուած դրօշակները Ծիծեռնակաբերդի մէջ կը ծածանին այդ օրուան յաջորդող 10 օրերուն», բացատրեց ան:
Այս ծիրին մէջ բացումը պիտի կատարուի նաեւ ցուցահանդէսի մը՝ ՀՄԸՄի թանգարանային իրերու, որոնք Լիբանանէն պիտի տարուին Հայաստան եւ պիտի զետեղուին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ՝ մէկ շաբթուան համար: Բացումը պիտի կատարուի ձեռնարկներու բացման օրը: Այս առիթով պատրաստուած է նաեւ թանգարանային արժէք ներկայացնող եւ պատմութեան համար կարեւոր իրերու ալպոմ մը, որ ձրիաբար պիտի տրամադրուի ժողովուրդին, որպէսզի մարդիկ գիտնան, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ՀՄԸՄի թանգարան:
21 Յուլիսին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի չորս յարկանի կեդրոնի մուտքի պատին վրայ պիտի զետեղուին քանդակները ՀՄԸՄի հիմնադիրներուն, հոն պիտի դրուի նաեւ 100ամեակին նուիրուած քանդակ մը, որ հոն պիտի մնայ իբրեւ յիշատակ: Այդ արարողութիւնը պիտի ըլլայ կէսօրին, անկէ ետք սկաուտները պիտի պատրաստուին տողանցքի: Երեկոյեան ժամը 7ին բոլորը պիտի հաւաքուին Ազատութեան հրապարակ, ուրկէ Նալբանդեանով եւ Աբովեանով պիտի հասնին մինչեւ Հանրապետութեան հրապարակ, ուր կատարուելիք հանդիսութեան ներկայ պիտի ըլլան նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, եւ հոնկէ պաշտօնապէս պիտի սկսի բանակումը՝ տողանցք-շքերթով, որուն ներկայ ըլլալու հրաւիրուած է իւրաքանչիւր սփիւռքահայ, որովհետեւ իսկապէս բաւական տպաւորիչ եւ յուզիչ պատկեր կը պարզուի, երբ աշխարհի չորս ծագերէն ու հայրենիքէն ՀՄԸՄական տարազաւորներ կը տողանցեն Հայաստանի փողոցներուն մէջ:
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը տեղեկացուց, որ 22 Յուլիսի առաւօտուն այցելութիւն պիտի տան Եռաբլուր՝ ՀՄԸՄական զոհուած ազատամարտիկներուն եւ բոլոր նահատակներուն այցելելու նպատակով, բայց հիմնական շեշտը կը դրուի Վիգէն Զաքարեանին, Վարդան Բախշեանին յիշատակը յարգելու վրայ, յատուկ հոգեհանգիստ տեղի պիտի ունենայ, ծաղիկներ պիտի զետեղուին ամէն մէկ գերեզմանին վրայ: Այս տարի որոշած ենք իբրեւ խորհրդանիշ միութեան 100 տարիներուն՝ հարիւր ծաղիկ բաժնել մեր ազատամարտիկներուն գերեզմաններուն վրայ: «Անկէ ետք սկաուտները լրիւ կազմով ներկայ պիտի ըլլան «Վազգէն Սարգսեան»ի սպայից վարժարան, ուր նախապէս այցելած ենք, այս անգամ ալ ուզեցինք մեր սկաուտները տանիլ՝ թէ՛ 100ամեակին առիթով մեր տուրքը տալու եւ թէ՛ որպէսզի մեր սկաուտները տեսնեն, թէ ինչպէ՛ս կը գործէ հայկական բանակը: Այդ երկուքին խառնուրդը բաւական հաճելի մթնոլորտ պիտի ստեղծէ, յատկապէս որ անոր ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը, զինուորական պատասխանատուներ: Հոն ՀՄԸՄի սկաուտները՝ իբրեւ կամաւոր բանակ, նաեւ Հայաստանի բանակը՝ սպայից վարժարանի ուսանողները միասնաբար պիտի տողանցեն: Ասիկա զուտ բանակային տրամադրութիւն է թէեւ, սակայն բաւական հաճելի եւ տպաւորիչ պատկեր կը պարզուի եւ անիկա անմոռանալի կերպով կը դրոշմուի իւրաքանչիւր ՀՄԸՄականի միտքին մէջ», ըսաւ Գառնիկ Մկրտիչեան:
23 Յուլիսին պիտի մեկնին Գիւմրի, ուր պիտի զետեղուի Վահան Չերազի արձանը, որուն առնչութեամբ բաւական դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուած է Կեդրոնական վարչութիւնը, սակայն շնորհիւ քաղաքապետութեան եւ պետական աւագանիին՝ անհրաժեշտ դասաւորումները կատարուած են: «Երկուքուկէս մեթրի վրայ կանգնած Վահան Չերազն է, շատ գեղեցիկ. կը կարծեմ, որ այս արձանով Գիւմրիի ժողովուրդը շատ հպարտ պիտի զգայ իր զաւակով, որովհետեւ այդ կոթողը կը յուշէ անոր կատարած աշխատանքին մասին: Գիւմրիի հրապարակին վրայ եւս պիտի կատարուի սկաուտական տողանցք, որուն մասնակցիլ փափաքողները եւս պիտի միանան մեզի, եւ պիտի մեկնինք միասին: Այդտեղի արարողութիւնը յիշատակելի եւ բաւական լաւ պիտի ըլլայ, մանաւանդ որ ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Վահան Չերազի դուստրը, ինչ որ մեծ պատիւ է. ան 94 տարեկան է եւ մեծ խանդավառութեամբ կը սպասէ այդ օրուան, ան հայրը չէ տեսած, միայն պատմութիւնը գիտէ: Մեր առաջին հանդիպումը շատ յուզիչ եւ հետաքրքրական էր. պատմեց բաներ, որոնց մասին չէինք գիտեր, եւ որոնք արժէքաւոր են»:
24 Յուլիսինմ օփերայի Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ հիմնական պաշտօնական արարողութիւնը, որ պիտի սկսի ժամը 5:30ին, որուն ընթացքին խօսք պիտի առնեն Հայաստանի նախագահը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսները, ՀՅԴ Բիւրօն եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը, ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ պետական աւագանին: Պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր, տեսերիզի մը ցուցադրութիւնը եւ այլն:
26 Յուլիսին ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած գիտաժողովը ընթացք պիտի առնէ՝ այս առիթով յատուկ պատրաստուած դրոշմաթուղթի հրապարակումով:
27 Յուլիսը Լիզպոնի տղոց նահատակութեան օրուան նուիրուած ըլլալով՝ ձեռնարկ չէ ճշդուած: Սակայն դիմուած է ազգային յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանին, որ ընդառաջած է, եւ յեղափոխական երեկոյ մը տեղի պիտի ունենայ օփերայի մեծագոյն դահլիճին մէջ: «Այս երեկոյով մենք պիտի յարգենք յիշատակը Լիզպոնի մեր նահատակ տղոց, Սփիւռքէն եկողներն ու Հայաստան բնակողները շատ լաւ երեկոյ մը ըմբոշխնելու առիթ պիտի ունենան», ըսաւ Գ. Մկրտիչեան:
28 Յուլիսին փակումը պիտի կատարուի այնտեղէն, ուր կատարուած էր բացումը՝ Ծիծեռնակաբերդէն: Բարձրացած դրօշակները վար կ՛առնուին եւ ՀՄԸՄի դրօշակը կը նուիրուի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնին, իսկ Հայաստանի դրօշակը ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը կը ստանձնէ, որպէսզի պահուի միութեան թանգարանին մէջ: Երեկոյեան փակումը կը կատարենք նաեւ ընդհանուր բանակումին, Բիւրականի մէջ:
29 Յուլիսին երեկոյեան ժամը 7ին շուրջ 2000-2500 հոգիով տեղի պիտի ունենայ փակման ճաշկերոյթ-պարահանդէս, որուն հիմնական երգիչը Յակոբ Մկրտիչեանն է, իսկ Հրաչ Կայծակեան ինք դիմած է՝ յիշեցնելով, որ ինք սկաուտ է եւ կ՛ուզէ մասնակից ըլլալ այս նախաձեռնութիւններուն, իսկ Կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ ընդառաջած է:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այսքան մեծ տարողութիւն ունեցող նախաձեռնութիւններուն համար նիւթական ապահովելու հարց չէ՞ ունեցած Կեդրոնական վարչութիւնը՝ Գառնիկ Մկրտիչեան ըսաւ. «Մեզի համար օրին բաւական լուրջ մտահոգութիւն էր նիւթական ապահովելը, սակայն ՀՄԸՄը միշտ ալ պատրաստ եղած է դժուարութիւնները դիմագրաւելու: Նախ՝ գլխաւոր նախագահի մասին մտածեցինք, սակայն աւելի ուշ յարմար գտանք ունենալ 10 կնքահայրեր, որոնք պիտի ստանձնեն նիւթական բեռը: Մենք փորձեցինք ամէն գնով մնալ ՀՄԸՄի շրջագիծին մէջ եւ յաջողեցանք ատիկա ընել: Այսօր հպարտութեամբ կրնամ ըսել, որ մենք այդ 10 կնքահայրերը ունենալով՝ անոնց շնորհիւ այս ծախսերուն մեծ մասը կրցանք ապահովել եւ մեր պիւտճէն հաւասարակշռել: Անունները աւելի ուշ կը յայտարարուին: Երախտագիտութիւն կը յայտնեմ այդ եղբայրներուն, որոնք լոկ նամակով մը արդէն ընդառաջեցին մեր խնդրանքին: Բանակումի պարագային, սկաուտներուն ծնողներն են, որոնք կը հոգան իրենց զաւակներուն մասնակցութեան սակը, թէեւ մենք ալ կ՛օժանդակենք: Այսպէս եղած է միշտ, պատասխանատուութեան գիտակցութեան բաժին է, ծնողներուն ալ վա՛րձքը կատար, կը գնահատենք զիրենք եւս»:
Գառնիկ Մկրտիչեան դիտել տուաւ, որ աշխարհասփիւռ միութեան շրջանները եւս պիտի նշեն ՀՄԸՄի 100ամեակը Նոյեմբերին, իւրաքանչիւրը՝ յատուկ հանդիսութեամբ, որուն ծրագրումի աշխատանքները ընթացքի մէջ են, ոմանք արդէն տարբեր ձեռնարկներ ըրած են ու Նոյեմբերին փակումը պիտի կատարեն:
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին ուղղուած վերջին հարցումը հետեւեալն է. «Ձեր փորձառութենէն մեկնած, իբրեւ ատենապետ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան, ի՞նչ խօսք ունիք յառաջիկայ սերունդներուն: Այս միութիւնը ի՞նչ ներդրում ունեցած է ձեր մէջ՝ իբրեւ մարդ, իբրեւ հայ»:
«Այսօրուան իմ հասած դիրքս առաջին հերթին կը պարտիմ ընտանիքիս, երկրորդ՝ այն մեծ ընտանիքին, որուն կը պատկանիմ, իր ուղեկից միութիւններով, որոնցմէ է ՀՄԸՄը: Հասած եմ ՀՄԸՄի ատենապետ ըլլալու պաշտօնին, եւ այսօր բոլոր միութենականներուն կ՛ըսեմ, որ ոչ ոք աւելի տկար պէտք է ըլլայ միւսէն, ամէն մարդ ալ կրնայ հասնիլ բարձր դիրքերու, բայց պէտք չէ մոռնալ համեստութիւնը եւ այս միութեան մէջ իրենց ստացած դաստիարակութիւնը իրենց կեանքին մէջ գործնականացնելը: Երիտասարդութիւնը պէտք է գիտնայ զանազանել այսօրուան իրականութիւնն ու միութենական կեանքը, պէտք է գիտնայ, թէ ինք հայ սկաուտ կամ մարզիկ է, չի նմանիր ուրիշներու, ուստի պէտք է առաջնորդուի միութեան նորանոր հարիւրամեակներ կերտելու տեսլականով», եզրափակեց Գառնիկ Մկրտիչեան: