ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան արձագանգեց ամերիկացի հոգեւորական Էնտրու Պրանսընը բանտարկուած պահելու թրքական դատարանի նորագոյն որոշումին եւ պատուելին Միացեալ Նահանգներ գտնուող այլախոհ կրօնական Ֆեթհուլլահ Կիւլենի հետ փոխանակելու հարցին՝ գրելով. «Կ՛ըսուէր, թէ մէկ հոգեւորականը տուր, միւսը առ: Բայց Պրանսըն, որ Էրտողանի խոստովանութեամբ պատանդ կը պահուի, ազատ չարձակուեցաւ: Էրտողան, որ կը կարծէր, թէ Տենիզ Եուճելի (Թուրքիոյ մէջ բանտարուած գերմանացի-թուրք լրագրող) միջոցով ծունկի պիտի բերէ Գերմանիան, կը շարունակէ պատանդ պահելու իր քաղաքականութիւնը: Մենք պէտք է ամօթ զգանք, որ նախագահական պալատը հոգեւորականը կ՛օգտագործէ իր աղտոտ ծրագիրներուն համար»:
Նշենք, որ ամերիկացի հոգեւորականը կ՛ամբաստանուի լրտեսութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական համարուող կառոյցներու հետ կապեր ունենալու յանցանքներով: Իր կարգին, Կիւլեն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ կը մեղադրուի 2016ի ռազմական յեղաշրջման փորձը նախաձեռնելու յանցանքով: