Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 31 Յուլիսին ընդունեց Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը:
Հանդիպումին ընթացքին նախարարը դեսպանին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ տիրող ընդհանուր իրավիճակը եւ իրադրութիւնը արցախեան եւ ատրպէյճանական հակամարտ ուժերու շփման գօտիին եւ հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին վրայ:
Քննարկուեցան նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ նախորդ հանդիպումէն ի վեր արձանագրուած զարգացումները: