ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ, Երեքշաբթի, 30 Յուլիսին մեկնարկեց ՀՅԴ պատանեկան ճամբարը, որ կազմակերպուած է ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութեան եւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան համատեղ ջանքերով:
Ճամբարը, որուն կը մասնակցին շուրջ 150 պատանիներ, պիտի տեւէ երկու շաբաթ: