Հայաստան կատարած պետական այցելութեան ծիրին մէջ, Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Սերճիօ Մաթարելա, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ, այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին՝ ծաղիկներ զետեղելով անմար կրակին մօտ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կից գտնուող յիշատակի պուրակին մէջ տնկեց ծառ մը՝ նուիրուած Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: