ԹԵՀՐԱՆ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ֆարս», «Ռոյթըրզ».- Իրանի նախագահի խորհրդական Համիտ Ապութալեպի 31 Յուլիսին յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները կարելի է իրականացնել, եթէ Ուաշինկթըն վերադառնայ Իրանի հիւլէական ծրագիրին առնչուող միջազգային համաձայնագիրին:
«Մեր պայմաններն են՝ յարգանք Իրանի ժողովուրդին նկատմամբ, հրաժարիլ թշնամական յարաբերութիւններէ եւ վերադառնալ հիւլէական համաձայնագիրին», շեշտեց ան՝ պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի մէկ օր առաջ կատարած այն յայտարարութեան, թէ պատրաստ է Իրանի իշխանութիւններուն հետ կնքելու հիւլէական թղթածրարին վերաբերեալ «իսկական համաձայնութիւն», որ տարբեր պիտի ըլլայ «նախորդէն, որ ձախողած է»: Թրամփ նաեւ աւելցուցած էր, թէ պատրաստ է առանց նախապայմաններու բանակցելու Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ քննարկել երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղիները:
Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բացառած է մօտիկ ապագային Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու կարելիութիւնը, որովհետեւ Ուաշինկթըն «կը շարունակէ թշնամական քաղաքականութիւն վարել Թեհրանի նկատմամբ»։
«Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը կարելիութիւն չ՛ընձեռեր որեւէ գործակցութեան եւ բանակցութիւններու համար: Ուաշինկթըն ցոյց տուաւ, որ արժանի չէ վստահութեան», կը յայտնէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Ղասեմի: