ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հէյտար Ալիեւի երկրպագութիւնը այնքան չափազանցուած է, որ ամերիկացի պլակըր Անտրէաս Մոզըր Պաքու եւ Գեանջա կատարած իր այցելութեան ատեն ամէն տեղ բախած է «մեծ առաջնորդ»ի յուշարձաններուն եւ շէնքերուն: Մոզըր իր պլակին մէջ գրած է երգիծական զեկոյց մը, որմէ հատուածներ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն՝ զուար-ճութեան համար։
Մոզըր իր հեգնական յօդուածը սկսած է հետեւեալ կերպով. «Նախքան Ատրպէյճան երթալը, ես ալ, ձեզի պէս, չէի գիտեր Հէյտար Ալիեւի մասին: Բայց յետոյ, երկրորդ օրը, արդէն ձանձրացած էի իրմէ…: Անկախ այն բանէն՝ ուզէք, թէ ոչ, Հէյտար Ալիեւ ձեր ընկերակիցը կ՛ըլլայ եւ մնայուն ուղեկիցը Ատրպէյճանի մէջ: Երբ կը թռչիք Պաքու, դուք կը ժամանէք Հէյտար Ալիեւի օդակայանը: Երբ գնացքով կու գաք, դուք կը ճամբորդէք Հէյտար Ալիեւի ճեպընթացով, կ՛իջնէք Հէյտար Ալիեւի կայարանը, կը քալէք Հէյտար Ալիեւի պողոտայով՝ դէպի Հէյտար Ալիեւի հրապարակ, կ՛անցնիք Հէյտար Ալիեւի հիմնարկներու, Հէյտար Ալիեւի դպրոցներու եւ Հէյտար Ալիեւի համալսարաններու քովէն: Եթէ կ՛ուզէք հանգստանալ Հէյտար Ալիեւէն եւ այդ պատճառով կը նախընտրէք ինքնաշարժով ճամբորդել Ատրպէյճանի տարածքին, նոյնն է, դուք բոլոր խաչմերուկներուն, բոլոր շրջադարձերուն, բոլոր շրջանցիկ ճամբաներուն վրայ կը տեսնէք նախկին նախագահին լուսանկարները»։
Մոզըր իր ճամբորդութիւնը սկսած է՝ այցելելով զբօսայգի, բնականաբար Հէյտար Ալիեւի անունով, որ «աւելի մեծ էր, քան որոշ անկախ երկիրներ…: Երբ կ՛անցնիս աշխարհի ամէնէն լայն փողոցը (12-ուղիներու գիծերով), տասը վայրկեան երթէ ետք կը հասնիս կանգառ. ինքնաշարժի կանգառի՝ Ողիմպիական մարզադաշտի դիմացինին նման: Անիկա այդքան մեծ նախագծուած է, որպէսզի Ատրպէյճանի բոլոր ինքնաշարժները կարենան նոյն ժամանակ այնտեղ կանգ առնել: Սակայն անիկա դատարկ է: Քաղաքի հրապարակները նոյնպէս չափազանց մեծ չափերու էին, սակայն հոս՝ հիւսիս-քորէական մակարդակի վեհութեան մոլուցք կը տիրէր…։ Անմիջապէս որ անցնիք յաղթանակի կամարը (այնքան մեծ, ինչպիսին Փարիզի մէջ է, եւ կասկածները փարատելու համար ըսեմ՝ զարդարուած Հէյտար Ալիեւի անունով), որ իրական մուտքն է, պէտք է մօտաւորապէս 2 քիլոմեթր եւս քալէք՝ մինչեւ Հէյտար Ալիեւի թանգարան հասնիլը: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս մարդիկ ստիպուած էին քալել թագաւորական պալատի երկար սրահով, նախքան թագաւորին հետ հանդիպիլը»։
Կտրելով զբօսայգին, եւ անցնելով աղբահաւաքներու եւ քերողներու՝ «մաքրող մոլագարներու» ամբողջ բանակի մը մէջէն, Մոզըր յայտնուած է «մեծ առաջնորդ»ի չափազանց մեծ արձանին քով, որուն վրայ ոսկեայ տառերով փորագրուած է անոր անունը, եւ որ տեղադրուած է Հէյտար Ալիեւի թանգարանին դիմաց:
«Թանգարանը երեք յարկանի է, ապակիէ գմբէթով, պատրաստուած՝ մեծ քանակութեամբ մարմարէ եւ ոսկիէ ու սպիտակ կաշիէ բազկաթոռներով: Բռնապետին բնորոշ անճաշակութիւն: Եթէ դուք երբեք այցելած էք Քազաֆիներուն, Հուսէյններուն կամ Թրամփներուն, ուրեմն ծանօթ էք ատոր: Ես միակ այցելուն եմ, եւ այդ փաստը այնքան զարմացուցած է գրասեղանին նստած մարդը, որ անջատեց իր «եութուպ»ի տեսահոլովակը, ցատկեց տեղէն եւ սկսաւ հետեւելու իմ ամէն մէկ քայլին, 4-5 մեթր հեռաւորութեան վրայ, եւ ամէն անգամ երբ կը նայէի իրեն, ան կը նայէր իր հեռախօսին: Միայն երկուքս էինք ամբողջ շէնքին մէջ», կը պատմէ Մոզըր։
Թէեւ Հէյտար Ալիեւի թանգարանի հսկայական շէնքը շատ տպաւորիչ է, սակայն հոն ոչինչ կայ, բացառութեամբ «մեծ առաջնորդի» մասին որոշ քարոզչութենէն: «Թանգարանը միայն Հէյտար Ալիեւի կեանքին մասին պատմող տասնեակ ցուցադրութիւններ ունի, հարիւրաւոր լուսանկարներով: Կան քանի մը գիրքեր՝ անոր մասին եւ անոր կողմէ գրուած, որոնք պաշտպանուած են ապակիներով: Երկու մեթր լայնութեամբ հեռատեսիլի պաստառները պատրաստ են ցուցադրելու անոր կենսագրական լուսանկարները…», կ՛ըսէ Մոզըր՝ աւելցնելով նաեւ, որ տպաւորուած էր Հէյտար Ալիեւի լուսանկարներու մեծ հաւաքածոյով. «Հէյտար Ալիեւ դաշտի մէջ հողագործներու հետ, Հէյտար Ալիեւ զինուորներու հետ, Հէյտար Ալիեւ երեխաներու հետ, Հէյտար Ալիեւ իբրեւ հնագէտ, Հէյտար Ալիեւ՝ ձմերուկով, Հէյտար Ալիեւ բազմամարդ շուկային մէջ», կը նկարագրէ Մոզըր։
Մոզըր կը ներկայացնէ Հէյտար Ալիեւի կենսագրականը՝ վկայակոչելով մրցանակակիր լեհ լրագրող Ռիչըրտ Քափուսինսքին, որ գրած է. «Սկիզբը Հէյտար Ալիեւ «Քա.Կէ.Պէ.»ի ղեկավարն էր Ատրպէյճանի մէջ, իսկ եօթանասունականներուն՝ հանրապետութեան Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղարը: Ան եղած է հետեւորդը Պրեժնեւի, որ զինք նշանակած էր ԽՍՀՄի փոխվարչապետ: 1987ին Կորպաչով զայն հեռացուց այդ պաշտօնէն: Հէյտար Ալիեւ մաս կը կազմէր Պրեժնեւի շրջապատին. խումբի մը, որ աչքի կը զարնէր խորունկ կաշառակերութեամբ, ամէն տեսակի շքեղութեան նախապատուութեամբ եւ համընդհանուր այլասերածութեամբ: Անոնք կը բացայայտէին իրենց կաշառակերութիւնը մեծ յանդգնութեամբ, առանց ամչնալու»։
«Լեհ լրագրողին նկարագրութիւնը կրնայ ըլլալ թանգարանի, իրականութեան մէջ ամբողջ այգիին կամ, արդարեւ, ամբողջ երկրին կարգախօսը: Ոեւէ մէկուն համար, որ համայնավարութեան ժամանակ արդէն յայտնի էր իր բացայայտ կաշառակերութեամբ, անկախ Ատրպէյճանը իր նաւթահանքերով պէտք էր ըլլար անոր երազանքներուն գագաթնակէտը: Այսպիսով, զարմանալի չէ Ալիեւներու ամբողջ ընտանիքին հանդիպիլ Փանամայի փաստաթուղթերուն մէջ (ստուերային գաղտնի հաշիւներու մէջ)», կը նշէ Մոզըր։
Իր երգիծական յօդուածը Մոզըր կ՛աւարտէ՝ յիշելով Հէյտար Ալիեւի այլ զբօսայգիներ՝ Պոտկորիսայի, Չեռնոկորիայի, Թբիլիսիի, Սթամպուլի, Անգարայի, Պուտափեշտի եւ Քիեւի մէջ՝ աւելցնելով, որ «շուտով կրնայ ըլլալ ձեր հայրենի քաղաքին մէջ: Ասոր համար դուք պարզապէս պէտք է խօսիք ձեր քաղաքային խորհուրդին հետ, իսկ Ատրպէյճան կը վճարէ ամէն բանի համար»։
Իր վերջին նախադասութեան մէջ Մոզըր Ատրպէյճանը կոչած է. «Տարօրինակ երկիր: Բայց գոնէ ես այլեւս ստիպուած չեմ ըլլար այցելելու Հիւսիսային Քորէա»։
Մոզըրի յօդուածէն բացի, Ուիքիփետիան ունի ամբողջ բաժին մը՝ «Հէյտար Ալիեւի Անձի Պաշտամունքը» վերնագիրով. անոր մէջ գրուած է. «Ատրպէյճանի մէջ իւրաքանչիւր մեծ ու փոքր քաղաք ունի փողոց Հէյտար Ալիեւի անունով, ներառեալ մայրաքաղաք Պաքուի կեդրոնական պողոտաներէն մէկը: Պաշտօնական տեղեկութեան համաձայն՝ Ատրպէյճանի մէջ կան Հէյտար Ալիեւի 60 թանգարաններ եւ կեդրոններ»։
Աւելին, աշխարհի տասնեակէ աւելի երկիրներու մէջ կան Հէյտար Ալիեւի արձանները: Այնուամենայնիւ, Ատրպէյճան Մեքսիքոյի մայրաքաղաքին մէջ խայտառակուեցաւ, երբ անոր խելամիտ քաղաքապետական խորհուրդը որոշեց հեռացնել Հէյտար Ալիեւի յուշարձանը քաղաքի գլխաւոր պողոտային մէջ գտնուող զբօսայգիէն, որ վերանորոգուած էր Ատրպէյճանի միջոցներով: «Իրաւապաշտպանները դէմ էին արձանին եւ կը մատնանշէին Հէյտար Ալիեւի իշխանութեան բռնակալական բնոյթը», հաղորդած էր BBC News-ը։
Իմ խորհուրդը Հէյտար Ալիեւի ատրպէյճանցի երկրպագուներուն՝ աւելի շատ մտահոգուեցէք ոչ թէ մահացած Հէյտար Ալիեւի, այլ ներկայ նախագահ Իլհամ Ալիեւի ճակատագիրով, որովհետեւ Հայաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութիւնը կրնայ շուտով տարածուիլ Ատրպէյճանի մէջ եւ կրնայ աւելի շատ արիւնոտ ըլլալ՝ քան թաւշեայ։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ