ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ծերունազարդ, բայց հոգիով ու միտքով միշտ կենսունակ բանաստեղծ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեան փափաք յայտնած էր այցելելու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, որ ընդառաջելով՝ Ուրբաթ, 27 Յուլիսի կէսօրին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալեց բանաստեղծը։
Նկատի ունենալով, որ այցելութիւնը տեղի կ՛ունենար Լիզպոնի Հինգ Հերոսներու նահատակութեան 35րդ տարելիցին օրը, զրոյցը իբրեւ մեկնակէտ ունեցաւ այդ սխրանքին նուիրուած՝ հեղինակին բանաստեղծութիւնը, որ նոյն օրը լոյս տեսած էր մամուլին մէջ։
Հանդիպումին, արծարծուեցան նաեւ Ժագ. Ս. Յակոբեանի գրական աշխատանքներն ու հրատարակչական ծրագիրները։
Յիշեցնենք, որ Ազգային առաջնորդարանը լոյս ընծայած է բանաստեղծին շուրջ տասնեակ մը գործերը։
Առաջնորդ սրբազանը հիւր բանաստեղծին նուիրեց աղօթագիրքեր եւ յուշանուէր մը, իսկ մեկնումէն առաջ, ընդառաջելով անոր փափաքին՝ օրհնութեան աղօթք մը կատարեց, Աստուծմէ խնդրելով, որ առողջութիւն, երկար կեանք ու կենսունակութիւն պարգեւէ իր նուիրեալ ծառային։ Բանաստեղծը Աստուծոյ փառք տալով՝ յայտնեց, թէ քանի մը օրէն պիտի տօնէ ծննդեան 101րդ տարեդարձը։